ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն ձեռնարկած հակաեկեղեցական արշաւին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ երկրէն ներս պէտք է տեղի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, որպէսզի աւելի շատ վնաս չյառաջանայ։

Երէկուան քարոզին մէջ ան մտահոգութեամբ արձանագրեց, որ Հայաստանէ ներս առկայ է պառակտում։ Դէպքերը բոլորին տխրութիւն կը պատճառեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ապագան։ Իր խօսքով՝ կողմերը կա՛մ լռել պիտի սորվին եւ կամ իրարու մասին լաւ խօսքեր պիտի ըսեն։ Արդարեւ, այժմու իշխանութիւնը 7 տարուան ընթացքին անպայման լաւ բաներ ալ ըրած է, իսկ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի 25 տարուան ծառայութեան արդիւնքը անկարելի է անտեսել։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ առկայ պառակտումը քաղաքական է, ո՛չ թէ կրօնական։ Պէտք է ձայն մը, որ կարողանայ մնացեալ ձայները լռեցնել։ Այդ ձայնը պէտք է բարձրանայ ժողովուրդին կողմէ։ Ուստի, ժողովրդավարութեան չափանիշներով՝ ժամ առաջ արտակարգ ընրութիւն պէտք է ըլլայ։ Այլապէս, առկայ վիճակը տանելի չէ եւ որքան քիչ վնաս յառաջանայ՝ այնքան լաւ է։

Այսօր, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Նորին Ամենապատուութեան կեցութեան վերջին օրն է։ Մինչեւ թռիչքի ժամը ան կ՚այցելէ Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը եւ այսպէսով կ՚աւարտէ ուղեւորութեան ծրագիրը։ Երէկ առաւօտ, ան պատարագեց Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ, ուր հոգեզմայլ երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Կոմիտաս երգչախումբին կողմէ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութեան, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի տեւողութեան ան ձեռաց խաչ մըն ալ նուիրեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանին՝ ի յիշատակ իր այցին։

Մինչ այս Ս. Պատարագը եղաւ ուղեւորութեան գագաթնային փուլը, շաբաթավերջին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծրագրի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին դարձաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութեան կազմակերպած հիւրասիրութիւնը։ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեանի եւ ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ ընթրիքի սեղան մը սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան, որու կողքին էին Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան եւ գաւազանակիրը՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներու ալ ներկայութեամբ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ՀԲԸՄ-ի վարիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ սա հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ կառոյցն է, կը գործէ աշխարհատարած ցանցի մը ձեւաչափին մէջ եւ ինք գնահատանքով կը հետեւի անոր բազմակողմանի գործունէութեան, որուն մէջ միշտ առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ Հայ Եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը։ Ընթրիքի սեղանին շուրջ արտասանուեցան դրական ոգիով բաժակաճառեր, մինչ աւարտին փոխանակուեցան յուշանուէրներ։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթ կէսօրին այցելեց Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան դիմաւորուեցան ճեմարանի տեսուչին՝ Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեանի կողմէ։ Այս հաստատութեան եւ Պոլսոյ Աթոռին միջեւ վերջին շրջանին սերտ կապեր ստեղծուած է նկատի ունենալով, որ այնտեղ մօտաւոր անցեալին վերապատրաստութենէ մը անցած էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ուստի, այս վերջնոյն տեսակէտէ եւս բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ այցելութեան այս փուլը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ճեմարանին մէջ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ժառանգաւոր սաներուն կողմէ, որոնց հետ հոգեւոր կեանքի մասին զրուցեց՝ իր փորձառութիւններու լոյսին տակ։ Եզրափակիչ փուլին Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեան Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երիտասարդներուն նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին համար։

Ս. Ներսէս ընծայարանէն առաջ, շաբաթ առաւօտ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ Ուայթփլէյնսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Բաց աստի, օրուան տեւողութեան, Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի՝ նախկին պոլսահայերու միութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ան զրուցեց ճաշասեղանի շուրջ՝ ներկայութեամբ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի։ Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Թամար Գայսէրլեան եւ գործակից ընկերները համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։ Ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտին մէջ մեներգեց՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Շրջանի Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան ատենապետուհին՝ Զուարթ Պալըքճեանն ալ ծափահարութիւններու արժանացաւ իր ասմունքով։ Ճաշասեղանի շուրջ նախկին պոլսահայեր առիթն ունեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ իրենց զգացումներն ու տպաւորութիւնները բաժնելու՝ այս ուղեւորութեան առթած խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ։

  

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025