ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻ ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամրան ճամբարին եւ մեր համայնքին միջեւ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած ողջունելի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում դրսեւորումներով։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը փակ կը մնայ շէնքի ամրապնդման ստիպողութեան հետեւանքով՝ ստեղծուած պարապութիւնը գործնականօրէն մասամբ կը հաւասարակշռուի՝ յունաց ճամբարի հետ համագործակցութեամբ։ Այդ ճամբարէն ներս հիւրընկալուած մանուկներուն եւ պատանիներուն կեցութեան շրջանը պիտի լրանայ շուրջ տասն օր վերջ։ Օգոստոսի 11-19-ին ալ ճամբարէն պիտի օգտուին մեր համայնքէն որոշ թիւով մանուկներ եւ պատանիներ՝ հիւրընկալ կառոյցի ղեկավարութեան հաւանութեամբ։ Այս կապերը կը համակարգուին մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքի կողմէ, որ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետը եղած էր փակման պահու դրութեամբ։ Ան միշտ յանձնառու կը մնայ՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներու ամրան արձակուրդը կազմակերպելու համար։ Իր ջանքերով, մեր համայնքի ատամնաբոյժներէն Մկրտիչ Կիւլէզեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Գնալըի յունաց ճամբարը, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսի եւ գործակիցներուն կողմէ։ Ճամբարի տղաքը ատամնաբուժական քննութեան մը ենթարկուեցան Մկրտիչ Կիւլէզեանի կողմէ։

Հուսկ, պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին ատամնաբոյժ Կիւլէզեանին եւ Չոլաքին, որոնց նուիրեցին ճամբարի 65-ամեակի յոբելենական շրջանին պատրաստուած կրծքանշանները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025