ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ուրբաթ երեկոյեան կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթով կը հասնի Հայաստան։

Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին առթիւ, որ կը տեւէ յաջորդ շաբթուան տեւողութեան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ կը գումարուին ԳՀԽ-ի ժողովները, որոնց ընթացքին կը քննարկուին ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընթացիկ խնդիրներուն առընթեր, ԳՀԽ-ի նստաշրջանին կ՚արժեւորուին նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջորդ շաբթուան կէսին վերադարձած պիտի ըլլայ իր Աթոռը։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025