ՅԱՋՈՂ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ կարեւոր ծրագիրներէն գիտական մրցոյթը այս տարի եւս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութեան հիւրընկալմամբ, երէկ երեկոյեան, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը։ Մէկուկէս ամիս տեւած եւ մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացած այս մրցոյթը հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացած էր։ Երէկուան աւարտականով յայտնի դարձան մրցոյթի դափնեկիրները։ Այսպէս, առաջին երեք հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ «Մարալ» միութիւնը (1010 նիշ), Մխիթարեան սանուց միութիւնը (990 նիշ) եւ Արամեան սանուց միութիւնը (945 նիշ)։ Սահակեան (865 նիշ), Տատեան (785 նիշ), Կեդրոնական (755 նիշ), Եշիլգիւղի (715 նիշ), Գարակէօզեան (580 նիշ), Թարգմանչաց (395 նիշ) եւ Ֆէրիգիւղի (60 նիշ) սանուց միութիւններու խումբերն ալ յաջորդեցին վերոյիշեալ խումբերուն։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան ատենապետ Կարպիս Շիմշէք հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ դատակազմի անդամներուն, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս նախագիծը կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Դափնեկիր խումբերը եւ բոլոր մասնակիցները ստացան իրենց պարգեւներն ու յուշանուէրները։ Այս տարի 26-րդ անգամ կազմակերպուած՝ խոր աւանդոյթներով այս մրցաշարքի եզրափակիչ փուլին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տարուան առաջինը՝ «Մարալ» միութիւնը յաջորդ տարի պիտի ստանձնէ հերթական՝ 27-րդ մրցաշարքի կազմակերպման պատասխանատուութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 4, 2025