Հինգշաբթի 6, Մարտ 2025
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը անցեալ շաբթուան մէջ, Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ միջնակարգի սաներուն կողմէ։ Տարազներով տողանցքին մէջ առանձնացան Լարիսսա Աճէմ, Ճուլիանա Ավճը եւ Լորա Աքքայա։
Հանդիսութեան աւարտին տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու՝ մինչ ուսուցչաց կազմն ալ անակնկալներ պատրաստած էր անոնց համար։
Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025