ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՄԱՔՐՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ
Պէշիկթաշի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ եզակի եւ յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի սաներուն համար շրջանաւարտից հաւաք մը կազմակերպուած էր՝ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի գլխաւորած Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Թաղի երբեմնի դպրոցի փակումէն տարիներ անց կազմակերպուած այս ձեռնարկը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլորին վրայ։
Երէկ առաւօտ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, մինչ երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Գրիգոր Թէրզեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, որ մէկտեղեց զանազան սերունդներէ երբեմնի ընթացաւարտներ։ Հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ արժէքաւոր կրթական մշակ Թաթիա Մարաշլեանի։ Երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի սաներու հաւաքը, խորքին մէջ, հակասական զգացումներու դուռ բացաւ։ Արդարեւ, բոլորը յուզուած էին՝ քանի այսօր արդէն գոյութիւն չունի այդ կրթօճախը, իսկ միւս կողմէ սա հերթական առիթն էր՝ անդրադառնալու համար հայ դպրոցի ձգողականութեան եւ առաքելութեան նշանակութեան։
Ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտին մէջ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ Պէշիկթաշի ընտանիքի սիւներէն Արման Մարաշլեան, որոնք իրենց խոհերը բաժնեցին ներկաներուն հետ։ Ձեռնարկի տեւողութեան առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ հին լուսանկարներու ցուցադրութեան պահը, ինչ որ ո՛չ միայն անցեալը վերյիշելու, այլեւ զայն յիշողութեան անքակտելի մաս դարձնելու տեսակէտէ ինքնուրոյն էր։ Երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանի վերաբերեալ պատկերացումները տասնամեակներ անց ի կատար ածուեցան՝ հաւաքոյթին մասնակից դպրոցի նախկին կրթական մշակներու ներկայութեամբ։ Անոնք կարծես անցեալի շունչը բերին բոլորին, անշուշտ, առարկայ դառնալով յարգանքի եւ համակրանքի։
Հուսկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արտասանեց փակման խօսքը՝ ողջունելով շրջանաւարտները եւ օրհնելով Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը։