ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այսպէս, տարեկան համախմբումը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները ի մի բերելու համար։ Անշուշտ, յոբելեար շրջանաւարտները բոլորէն աւելի տարբեր յուզում մը ապրեցան։
Շրջանաւարտից օրուան սկիզբին, պէզճեանցիները կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները, Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր, սանուց միութեան ատենապետ Եդուարդ Եըլտըրըմ եւ գործակիցները, ինչպէս նաեւ Գումգաբուի ընտանիքի միւս պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին շրջանաւարտից օրուան բոլոր մասնակիցները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Սօնա Արթանի։ Քլոտիա Տեմիր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Բաժակի պահուն տնօրէնուհիին հետ, որպէս երիցագոյն եւ կրտսեր պէզճեանցի հանդէս եկան Գրիգոր Տէօշէմէճեան եւ Լիա Նալպանտ։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ Մայր վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան ծափահարելի ելոյթներով։
1975 թուականի ընթացաւարտները, որոնք այս տարի իրենց 50-ամեակը կը նշէին, ստացան նուէրներ՝ մինչ իրենց անունով արտայայտուեցաւ Սաթենիկ Պաշաք։ 2000 թուականի շրջանաւարտներն ալ կը նշէին իրենց վկայման 25-ամեակը։ Անոնք եւս ստացան յուշանուէրներ եւ իրենց անունով արտայայտուեցան Անի Մանթօ եւ Սէրլի Չոլաքեան։
Յոբելեար շրջանաւարտները ծաղիկներ ալ նուիրեցին իրենց երախտաշատ ուսուցիչներուն կամ տնօրէնուհիներուն, որոնք ներկայ էին հաւաքոյթին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը՝ մինչ բոլորը ուրախութեամբ այժմէն ժամադրուեցան յաջորդ տարուան համար։