ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց մշակութասէրներ եւ հետաքրքիրներ։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան յայտնի դէմքերէն Հրանդ Ասատուրի «Կոստանդնուպոլսոյ հայերը եւ իրենց պատրիարքները (1461-1860)» նշանաւոր գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը վերջերս լոյս տեսած է՝ Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ։ «İstanbul Ermenileri ve Patrikleri (1461-1860)» անունով լոյս տեսած գիրքը թարգմանուած է Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ։ Խմբագրման եւ սրբագրման աշխատանքները կատարուած են՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Մարալ Աքթոքմաքեանի կողմէ։ Սա Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած, սկզբնաղբիւրի բնոյթով եզակի գիրք մըն է, որովհետեւ առաջին անգամ թրքերէնով հանրութեան կը մատուցուին Աթոռին վերաբերեալ տուեալներ՝ համապատասխան հայեացքով եւ մօտեցումներով։ 

«Նարեկեան» սրահին մէջ, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած գինեձօնը նախատեսուած էր ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ։ Ատենախօսները այս գիրքին մեկնակէտով անդրադարձան կարգ մը յստակ ուղղութիւններով Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան սկզբունքներուն եւ արդիւնքներուն։ Նստավարն էր Մարալ Աքթոքմաքեան։ Սիլվա Գույումճեան արտայայտուեցաւ կրթական ոլորտի, իսկ Էլմոն Հանչէր եկեղեցական ճարտարապետութեան մասին։ Ի լրումն այս բոլորին, փրոֆ. Էլչին Մաճար կանգ առաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան հիմնադրութեան կարեւորութեան եւ անոր ուղղեալ Օսմանեան քաղաքականութիւններուն վրայ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, հոգեւոր հայրեր, համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ եւ հետաքրքիրներ։ Եզրափակիչ փուլը բնորոշեց աւանդական գինեձօնը, որու զուգահեռ Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց հուսկ բանքը՝ բարձր գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումն ու բաժինը ունեցած են հրատարակութեան այս ծրագրի կեանքի կոչման ճանապարհին։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլին յուշանուէրներ յանձնուեցան թէ՛ շնորհանդէսի կազմակերպման եւ թէ գիրքի հրատարակութեան ուղղութեամբ աշխատանք տարած անձնաւորութիւններուն։

     

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025