ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՏԻԳՐԱՆ ԹՈՓԱԼԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ լուսանկարիչ, պոլսահայ մամլոյ երախտաշատ սպասաւոր Տիգրան Թոփալեանին, որու կորուստը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ տխրութիւն։ Լուսահոգի Տիգրան Թոփալեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մատուռը, ուրկէ մարմինը ամփոփուեցաւ նոյն գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Վաղ երիտասարդութեան ծանրաբարձութեամբ զբաղած, որպէս մարզիկ՝ գնահատանքի արժանացած, իսկ կեանքի մեծ մասը լուսանկարչութեան նուիրած Տիգրան Թոփալեանը վերջին յարգանքի առարկայ դարձաւ՝ յաւիտենութեան ուղեւորուելով հոծ թիւով յուղարկաւորներու աղօթքով։ Իր այրին՝ Նատիա Թոփալեան եւ հարազատները սուգի ծանր պահուն բարոյական զօրակցութեան անկեղծ տրամադրութեամբ շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։ Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ յուղարկաւորները նոյնացան հանգուցեալի բարի ու ազնիւ յիշատակին հետ։ Այսպէս, իր վերջին հրաժեշտը զուգորդուեցաւ Տիգրան Թոփալեանի վերաբերեալ դրական վկայութիւններու հանրագումարով մը։ Սգաւորները թաղման պահուն Տիգրան Թոփալեանի շիրմին թարմ ծաղիկներ թողուցին՝ կասկած չունենալով, թէ իր նման նուիրեալի մը անունը յաւերժ կը յիշուի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ 

Այս տխուր առթիւ հերթական անգամ ցաւակցութիւն կը յայտնենք ամբողջ Թոփալեան ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025