ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ հետեւեցան արարողութեան, որու ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։

Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը Արեւագալի ժամերգութենէն վերջ պահքի սեղանի շուրջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, դպիրները եւ ուխտաւորները։

 

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025