ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Թաղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը ներկայ հաւատացեալները ողջունեց տաղաւարի աւանդական աւետիսով։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Արարողութիւններէն վերջ, թաղային խորհուրդը Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի անուան տօնին առթիւ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026