ԱՂՕԹՔ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Կիւլմէզկիլ ընտանիքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը վշտակցեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հարազատներուն։ Նկատի ունենալով, որ յուղարկաւորութեան օրը Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը կը գտնուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ վերադարձին անմիջապէս փութաց հայրաբար մխիթարելու սգաւոր ընտանիքը։

Հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի դստեր՝ Մելիսսա Պաղի, փեսային՝ Ալէն Պաղի, ինչպէս նաեւ մերձաւորներէն Մարգրիտ-Նշան Աթընըզեան ընտանիքի ներկայութեամբ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլի բարի յիշատակը՝ հերթական անգամ բարձր գնահատելով անոր երախտաշատ ծառայութիւններն ու անփոխարինելի ներդրումը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր աղօթքը՝ մեր համայնքին տեսակէտէ անմոռանալի եւ այնքան սիրելի նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025