ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ, ՈՒՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքը, ուր մասնակցեցաւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ կրօնական արարողութիւններուն, որոնցմէ վերջ յոբելենական հանդիսութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ նոյն վանքի համալիրէն ներս խարխսուած յունաց ամրան ճամբարի հիմնադրութեան 65-ամեակին առթիւ։ 

Յունաց պատրիարքը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տաղաւարի Ս. Պատարագին յաջորդած հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։ Պարթոլոմէոս Ա. այս փուլին ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ նշեց, որ յունաց վանքն ու յարակից ճամբարը՝ քաղաքէս ներս համաքրիստոնէական միասնականութեան եւ երկու համայնքներու եղբայրութեան վառ խորհրդանշաններէն մին կը համարուի։ 

Յունաց ճամբարի աշակերտները 65-ամեակին առթիւ հանդէս եկան համերգով մը, որուն պատրաստուած էին երկար ժամանակէ ի վեր։ Բաց աստի, յունական ժողովրդական պարեր ալ ներկայացուեցան օր-ւան յայտագրի տեւողութեան։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն Սիմոն Քումրալ եւ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վերջին ատենապետը՝ Արի Չոլաք, որ կը շարունակէ կամաւոր ձեւով զբաղիլ մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներու ամրան արձակուրդի կազմակերպման գործով։

Հարկ է նշել, որ յունաց ճամբարէ ներս տղոց կեցութեան ժամանակաշրջանը այս շաբաթավերջին պիտի հասնի իր աւարտին։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ակամայ փակ կը մնայ՝ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ մեր համայնքէն խումբ մը մանուկներ եւ պատանիներ այնտեղ պիտի հիւրընկալուին՝ ամրան արձակուրդ մը անցընելու համար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025