ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլան, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ու արժէքաւոր մասնագէտներէն ատամնաբոյժ Սեւան Յարզուարթեան օրթոտոնթիի բնագաւառին մէջ տոքթորականի աստիճանի արժանացած է։ Ան թեզը պաշտպանած է «Մարմարա» համալսարանի ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէէն ներս, ուր իրեն շնորհուած է PhD-ի կոչում։

Սեւան Յարզուարթեանի այս նուաճումը մեծ ուրախութեան առիթ դարձած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ անմիջական շրջանակին մօտ։ Իր դասախօսներն ալ անմասն չեն այս ուրախութեան մթնոլորտէն։ Յարզուարթեան երկար տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի փրոֆ. Թորոս Ալճանի հետ, որ թէ՛ իր ուսուցիչն է եւ թէ ուղեցոյցը։

Սեւան Յարզուարթեան ծնած է Իսթանպուլի մէջ, նախակրթութիւնը Մխիթարեան վարժարանի մէջ ստանալէ վերջ յաճախած է Սկիւտարի Ամերիկեան լիսէն։ «Մարմարա» համալսարանի ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ, մնացած է այնտեղ ակադեմական աշխարհին նուիրուելով։ Օրթոտոնթիի բնագաւառէն ներս ան տոքթորականի աշխատանքները արդէն յաջողութեամբ աւարտած է եւ իր պաշտպանած թեզով արժանացած՝ այս կոչումին։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սեւան Յարզուարթեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025