Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵԿՈՅԹ
Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Կանանց շարժման ներշնչիչ հայեայցք մը» խորագրին ներքեւ։ Ծնողաց միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։
Երեկոյթի ատենախօսներն էին՝ Նորա Թաթարեան, Մարալ Աքթոքմաքեան եւ Նեսրին Ուչարլար։ Անոնց ասուլիսէն վերջ երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրեցին՝ Ժագլին Չարքճը եւ Աննա Գէորգեան:
Շաբաթ, Մարտ 8, 2025