ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ
Երէկ, Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցան շնորհաւորական հանդիպումներ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց լայն հասարակութեան եւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու շնորհաւորական այցելութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները։
Նորին Ամենապատուութիւնը տօնական աւետիսով ողջագուրուեցաւ քաղաքիս փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Այսպէս, ան իրերայաջորդ ընդունեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքը, հրէից րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւին՝ ընկերակցութեամբ խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթունթաշի, Ասորի կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չանլը քորեպիսկոպոսը, Ասորի ուղղափառ համայնքի ատենապետ Քենան Կիւրտալը։ Ի լրումն այս բոլորին, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեանն ալ այցելեց Պատրիարքարան՝ ընկերակցութեամբ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայի։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուց Ճան Ուսթապաշը, Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ եւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատն ալ օրուան ընթացքին փութացին Պատրիարքարան՝ հիւրընկալուելով Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Բաց աստի, զանազան դիւանակալներ, հասարակական գործիչներ, կուսակցական ներկայացուցիչներ, գործարարներ եւ այլ հիւրեր ալ Սուրբ Զատիկը շնորհաւորելու համար Գումգաբու այցելեցին՝ ընդունուելով անկեղծ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։
