ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Յակոբ Այնթապլեան, որ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի, Մխիթարեան վարժարանէն ներս հաճելի զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։ Նկատի ունենալով, որ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեայ յոբելենական շրջանն է՝ ան այս առանցքին շուրջ զրոյց մը ծաւալեց տղոց հետ։ Ձեռնարկին առթիւ աշակերտներն ալ՝ մասնաւորապէս նուագներով մասնակցութիւն բերին յայտագրին։

Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեանի ընտանիքէն վարիչներ՝ մինչ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան զրոյցի աւարտին Յակոբ Այնթապլեանին յանձնեց յուշանուէր մը՝ ի յիշատակ վարժարան այցելութեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026