Չորեքշաբթի 9, Յուլիս 2025
ՎԱԶԳԷՆ ՊԱՐԸՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընը, որ այս շրջանին կը զբաղի հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի շիրմի նախագծմամբ ու պատրաստութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց վախճանեալ սրբազանի յիշատակին նկատմամբ Վազգէն Պարընին կողմէ ցուցադրուած ուշադրութիւնն ու դրսեւորուած երախտագիտութեան ոգին։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց շիրմի պատրաստութեան այժմու փուլին շուրջ՝ մանաւանդ, որ աշխատանքները բաւական յառաջացած են։
Շիրմի բացումը կը նախատեսուի լուսահոգի սրբազանի վախճանման առաջին տարելիցին։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 9, 2025