ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսական պալատի, Պէյօղլու, համալիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիրը՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Յոլիսի 14-ի շարժառիթով բացօթեայ այս շքեղ երեկոյթին ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան դիւանակալներ, երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, գործարար աշխարհէ դէմքեր, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Պոլսահայ համայնքէն եւս հրաւիրեալներու շարքին կային զանազան դէմքեր։
Ընդունելութեան ընթացքին, յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Իզապէլ Տիւմոնը եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնը, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին զինքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակցութեան համար։