ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ դէպի Վան ուխտագնացութենէն, որ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուած էր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի երբեմնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած տարեկան պատարագին նախագահելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակիցները երէկ վերադարձան Իսթանպուլ։ Ինչպէս ծանօթ է, պատմական հոյակերտ կոթողը յետ վերանորոգութեան ներկայիս վերածուած է թանգարանի, ուր տարին անգամ մը յատուկ թոյլտուութեամբ եկեղեցական արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ։

Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Վանի օդակայանը վերանորոգութեան մէջ կը գտնուի, ուխտագնացութեան համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ճամբորդեց Իգդիրի վրայով։ Նորին Ամենապատուութիւնը Վանէ հրաժեշտ առնելէ առաջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած էր տեղւոյն կուսակալին։ Բաց աստի, Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերադարձի ճանապարհին Ամենապատիւ Սբրազան Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Իգդիրի քաղաքապետ Էրճան Թուրանին։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը դրական տպաւորութիւններ փոխանցեց իր ուղեւորութեան կապակցութեամբ։ Ան առանձնապէս արժեւորեց Իգդիրէն տարանցնելու հանգամանքը, որու լոյսին տակ կուսակալին յայտնեց շնորհակալութիւն։ Զրոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2025