ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ԱՐԺԷՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Երէկ, Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրերուն զուգադիպելով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ որպէս պատուոյ հիւր մասնակցեցաւ հաւաքին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին, ԳՀԽ-ի անդամներուն, ներքին (Հայաստանի) թեմերու առաջնորդներուն եւ Մայր Աթոռէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու հետ։

Հանդիպումը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար։ Նորին Սրբութիւնը ապա Արմէն Սարգսեա-նին ներկայացուց ԳՀԽ-ի անդամները, ԳՀԽ-ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնն ու եկեղեցական կեանքը կանոնակարգելու գործընթացէն ներս կարեւոր առաքելութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի անձը քաջածանօթ է բոլորին՝ զանազան հանգամանքներով հայրենիքին մատուցած իր նուիրեալ ծառայութեամբ։ Իր խօսքով՝ Արմէն Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ հայոց եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներէն մին է եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծ բարերար։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դրուատեց Արմէն Սարգսեանի հաւատարմութիւնն ու աջակցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը յանուն ներկաներուն բարձր գնահատանք յայտնեց նախագահ Սարգսեանի՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւն-ներուն ժամանակ ստանձնած ներգործուն դերակատարութեան եւ հոգեւորականաց դասուն հետ ունեցած համատեղ քննարկումներուն համար՝ գործընթացները խաղաղ կարգաւորման ու հանգուցալուծման առաջնորդելու նը-պատակով։

Այնուհետեւ նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսք ուղղեց ԳՀԽ-ի անդամներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան առթիւ։ «Դուք համայնքներու մէջ ամէն օր կը հանդիպիք մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն. ըլլա՛յ Արցախի մէջ, Հայաստանի հիւսիսին, հարաւին, ըլլա՛յ Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Մոսկուայի մէջ կամ այլուր։ Հետեւաբար, եկած եմ նաեւ ձեզմէ լսելու, թէ մեր ժողովուրդը ինչ կը մտածէ։ Եկած եմ նաեւ ձեզի հետ երկխօսելու», ըսաւ ան։

Այնուհետեւ Արմէն Սարգսեան անդրադարձ կատարեց Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան՝ հայ ժողովուրդի ոգիի եւ հաւատի, ընտանեկան արժէքներու եւ առ հայրենին սիրոյ պահպանութեան գործին մէջ։ Նախագահը արձանագրեց, որ հայոց եկեղեցին եւ հաւատքը պետականութեան սիւներէն են եւ ոչ միայն որպէս կառոյց, այլ նաեւ որպէս մշակոյթ՝ այն արժէքներով, զորս եկեղեցին կը դաւանի, որոնցմով հայու ինքնութիւնը պահպանուած է հարիւրաւոր տարիներ, պահպանուած է մշակոյթը եւ կրթուած են մանուկները։ Նախագահը նկատեց, որ այդ բոլորին մէջ եկեղեցւոյ ներդրումը հսկայական է եւ արժէքը՝ աննկարագրելի։

Հանդիպման տեւողութեան Արմէն Սարգսեան պատասխանեց ԳՀԽ-ի անդամներու եւ եպիսկոպոսաց դասու ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու խնդիրներուն, երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն։ Նախագահ Սարգսեան չափազանց կարեւորեց Հայ Եկեղեցւոյ դերը հայոց հազարամեայ պատմութեան զանազան շրջաններուն, յատկապէս, երբ վերջին հարիւամեակներու պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ ան յաջողած է պահել հայ ժողովուրդի միասնութիւնը, ինքնութիւնը, աւանդութիւններն ու մշակոյթը։

Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն՝ Արմէն Սարգսեան անգամ մը եւս նշեց, որ իշխանութեան փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ճանապարհով։ Իր խօսքով՝ յետագայ փոփոխութիւններու համար երկար ժամանակ անհրաժեշտ է, տակաւին կայ ընելիք հսկայական աշխատանք՝ որպէսզի երկրի քաղաքացիները, հայ ժողովուրդի զաւակները, անկախ իրենց գտնուած վայրէն, իրենց նուիրումը բերեն Հայաստանին։ Նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս կարեւորեց փտածութեան դէմ պայքարը, հասարակութեան մէջ բեւեռացման յաղթահարումը, ընկերային արդարութիւնը, կրթութեան ոլորտը, պետական վարչամեքենայի գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու խնդիրները։

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ներքին թեմերու կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները։ Այսպէս, 10-13 տարեկան շուրջ հարիւր մանուկներ այցելեցին Մայրավանք՝ առաջնորդութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի (ՔԴԿ) տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի։ Տղաքը Մայր Աթոռի մէջ մասնակցեցան ՔԴԿ-ի կողմէ կազմակերպուած կիրակնօրեայ վարժարաններու սաներու ողիմպիականներու աւարտական փուլին՝ Հայաստանի ընդհանուրին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը աշակերտներուն փոխանցեց իր բարեմաղթանքն ու օրհնութիւնը։ Ան նշեց, որ կիրակնօրեայ դասընթացքներու նպատակն է՝ սաներուն սորվեցնել քալել Աստուծոյ ուղենշած ճանապարհով, որպէսզի իրենց կեանքի ընթացքը ըլլայ բարիի, սիրոյ մէջ եւ այդ զգացումներով արարեն, շէնացնեն հայրենի երկիրը։ Նորին Սրբութիւնը փոքրիկներուն բացատրեց, որ մեր հայրերու կողմէ Աստուծոյ նը-կատմամբ մեծ սիրոյ արտայայտութիւնը կը հանդիսանան սքանչելի վանքերն ու եկեղեցիները, արժէքաւոր ձեռագիր մատեանները։ Անոնք ամէն ճիգ գործադրած են, որպէսզի իրենց հոգիէն լաւագոյնը ընծայաբերեն Աստուծոյ։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց այս նոյն ուժգնութեամբ սիրել զԱստուած՝ շարունակելով մեր հայրերու նուիրական գործը։ «Միայն այդպէս մենք կրնանք ըլլալ երջանիկ, մեր երկիրը՝ հզօր։ Աստուծմէ է ամէն բարիք ու երջանկութիւն։ Մենք որքան ջերմ սիրենք Արարիչը, բարիքները այնքան պիտի առատանան թէ՛ մեր եւ թէ ազգային կեանքի մէջ», նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Խօսելով Քրիստոսի՝ մանուկներու նկատմամբ տածած մեծ սիրոյ մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը սաներուն յորդորեց աղօթքներու, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան միջոցաւ միշտ պահպանել հոգիի մաքրութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հանդպիման ընթացքին իր բարձր գնահատանքը բերաւ նաեւ մանկավարժներուն եւ ծնողներուն, որոնք աստուածահաճոյ գործ կը կատարեն՝ երեխաները ուղղորդելով դէպի բարին, ազնիւը, մաքուրն ու գեղեցիկը, անոնց մէջ ամրացնելով սէրը արարչութեան, մարդու նկատմամբ։

Աշակերտները ՔԴԿ-ի սարկաւագներու ուղեկցութեամբ նաեւ այցելեցին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, շրջեցան թանգարանները։ Օրուայ աւարտին՝ Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան» Հայորդեաց տան սաներու կողմէ պատրաստուած հանդիսութենէն վերջ պարգեւատրուեցան դափնեկիրները։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018