ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՐՈՒՑԵՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հայագիտական ու կրօնագիտական դասընթացքներու մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներու երկրորդ խումբը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութիւնը տուաւ զանազան երկիրներէ մեկնած երիտասարդներուն՝ կարեւորելով անոնց համախմբումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ մասնակցութիւնը կրթական ծրագրին։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ջանասիրութեամբ մասնակցիլ աշխատանքին՝ զօրացնելով հայոց լեզուի եւ պատմութեան իրենց իմացութիւնն ու հոգեւոր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ հաղորդ դառնալով Հայաստանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ արժէքներուն։

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ամուր պահել եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի հետ կապը՝ իրենց ինքնութեան անխաթար պահպանութեան համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025