ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Պոստոնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ուխտաւորները եւ թեմի Հայաստանի ծառայութեան ծրագրի պատանի մասնակիցները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Վազգէն Քհնյ. Գուզուեանի եւ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանի։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ ընդգծեց ուխտաւոր հայորդիներու կողմէ Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ ցուցաբերուած անկեղծ նուիրումն ու սէրը։ Ան զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան սփիւռքահայ երիտասարդներուն ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է զօրացնել անոնց լեզուի եւ պատմութեան իմացութիւնը, հոգեւոր գիտելիքները, նաեւ ամրապնդել ոգին ու գիտակցութիւնը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն պատգամեց զօրացեալ հաւատքով վերադառնալ իրենց համայնքները եւ նախանձախնդրօրէն մասնակցիլ ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025