ՄԱՍՏՐԻԽՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Հոլանտա, ուր նշուեցաւ Մաստրիխտ քաղաքի Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ օծման 12-րդ տարեդարձը՝ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով։ Նորին Սրբազնութիւնը գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ քարոզեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ յորդորեց ըլլալ աւելի համախմբուած ու պահպանել ազգային-եկեղեցական աւանդութիւնները։

Յաջորդած աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած բարձր տրամադրութիւնը՝ մինչ գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025