ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԻՆ ՔԱՂԱՔԻ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Հին քաղաքի նորանշանակ ոստիկանապետ Թվիր Թամիմը, որուն ընկերացան Սուրբտեղեաց ոստիկանապետ Էյալ Աւրահամ, Հին քաղաքի ոստիկանութեան քրիստոնեաներու բաժնի պատասխանատու Օլէկ Վասկեւից եւ Սուրբ Յարութեան տաճարի պատասխանատու ոստիկան Անան Շանան։

Փոխ-գնդապետ Թվիր Թամիմ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ, որու կողքին էին Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան եւ աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեան։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Սուրբտեղեաց վերաբերեալ եւ քրիստոնեաներու դէմ հրեայ ծայրայեղականներու անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Թամիմ խոստացաւ համագործակցութեամբ իր կարելին ընել՝ խնդիրներէն հնարաւորինս խուսափելու համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025