ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ
Մեր տրտնջացող եւ ամէն ինչէ բողոքող բնաւորութեան պատճառով, յաճախ Աստուծմէ մեզի տրուած պատգամները, զգաստացումի կոչերը չենք նկատեր եւ կ՚անտեսենք, որովհետեւ շուտով բորբոքելով ու բարկանալով, կը դադրինք ճիշդ կերպով մտածելէ եւ ճիշդ որոշումներ ու եզրայանգումներ կատարելէ, նաեւ մեր զգացումներուն ու բարկութեան յանձնուելով, փոխանակ մեր սխալները սրբագրելու եւ մեր վիճակը բարելաւելու, ա՛լ աւելի սխալներ կը սկսինք գործել ու մեր վիճակը ա՛լ աւելի կը բարդացնենք:
Աստուած, մեր Տէրը, յաճախ տարբեր ձեւերով ու միջոցներով կը փորձէ զգաստացնել մեզ, որպէսզի սթափինք մեր սայթաքումէն, դառնանք մեր սխալ ընթացքէն եւ վերադառնանք Իր գիրկը: Մենք, սակայն, պէտք է սթափ ըլլանք եւ մեզի հետ պատահող իրադարձութիւնները սառնասրտութեամբ կշռադատենք, հասկնալու կամ գիտակցելու համար մեր վիճակին եւ թէ մեր Երկնաւոր Հայրը ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ մեզի:
Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ. «Աստուած բոլոր միջոցները կը գործադրէ, որպէսզի մեզ զգաստացնէ, ըլլայ նեղութիւն, կամ հարուած, կամ հիւանդութիւն, կամ ամօթանք, կամ ձախորդութիւն, որպէսզի զգաստանանք: Սակայն, ինչո՞ւ Տիրոջ հարւածներուն կը սպասենք, որպէսզի զգաստանանք: Ինչո՞ւ հիմա չենք զգաստանար ու չենք ստիպեր Աստուծոյ, որ խստութիւն գործադրէ մեզի հանդէպ»: Այս տողերը կարդալով պէտք չէ մտածել կամ կարծել, որ Աստուած Ի՛նք է, որ այդ բոլորը մեր գլխուն կը բերէ, ո՛չ, այլ մեր սխալներուն պատճառով այդ վիճակներուն մէջ յայտնուած մեր հանգամանքը օգտագործելով, կը փորձէ օգնել մեզի, որպէսզի կարենանք դուրս գալ այդ վիճակներէն:
Շնուտա Հայրապետը քայլ մը անդին երթալով, մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի նման վիճակներու մէջ չյայտնուինք եւ առիթ չտանք, որ Աստուած խստութիւն գործադրէ մեզի հանդէպ: Այդ ընելու համար, մարդ պէտք է պահէ՛ Աստուծոյ պատուիրաններն ու օրէնքները, գործադրէ զանոնք, որպէսզի զերծ մնայ նման իրավիճակներու մէջ յայտնուելէ: Իսկ այս բոլորը մարդ ի վիճակի կ՚ըլլայ իրագործելու, երբ Աստուածաշունչ կարդայ, աղօթքի միջոցով խօսի Աստուծոյ հետ, միշտ իր մեղքերն ու սխալները յիշէ եւ խոստովանի զանոնք, խոնարհութեամբ ընթանայ, առիթ չտալով հպարտութեան, որ աւերներ գործէ իր մէջ՝ զինք կորուստի մատնելով:
Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ, պատուիրանապհութեամբ, աղօթքով եւ բարի գործերով մեր հոգիները զգաստ պահենք՝ չսայթաքելու չարին մեր առջեւ լարած թակարդներուն մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
(Վաղարշապատ)