ԸՆԴԱՌԱՋԵԼ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԻՆ

Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս,
ի տուն Տեառն երթիցուք մեք։

(Սաղմոսք, 121.1)

Ծաղկազարդ է այսօր կամ ժողովրդական անունով «Ծառզարդար», նաեւ Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսի կոչմամբ «Արմաւենեաց կիրակի», որ ընդհանրացած է քոյր եկեղեցիներու մէջ եւս։ Տօնակատարութիւն մը, որուն արտաքին երեւոյթը կը ներկայանայ ձիթենիի եւ արմաւենիներու ճիւղերով։ Այս ճիւղերու գորշ կանանչութեան ընդմէջէն աւետիսը կը տրուի, թէ՝ ապաշխարութեան եւ աղօթքի նախասահմանուած Մեծ պահոց օրերը իրենց վախճանին հասած են։ Բացուած փակեալ վարագոյրները, կանաչով գունազարդուած մեր աղօթքի տուները, մեզի կ՚աւետեն, թէ այլեւս ի ժամ Սուրբ Պատարագի մեր աչքերով պիտի կարենանք տեսնել Սուրբ Սեղանը, ուր Աստուծոյ Անարատ Գառնուկը, «որ ընդ Հօր նստի եւ անդ պատարագի» (հմմտ. Խորհրդատետրի»։ Կ՚ուրախանանք վայելելով Սուրբ Սեղանէն հասած ողջոյնի քաղցրութիւնը, որ ալիք ալիք կը տարածուի հաւատացեալներու վրայ, անոնց զգացնելով, թէ անդամներն են մեծ ընտանիքին՝ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցիին։

Այս բոլոր գեղեցկութիւններու շնորհիւ ապրուած հոգեւոր ուրախութիւնը կը բազմանայ, երբ Սաղմոսի բառերը կեանքի կը կոչուին ուրախութիւնը ապրող եւ ուրախութիւնը ապրելու հրաւիրուողներու միջեւ։ Որ-քան քաղցր են Սաղմոսի բառերը. «Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս, ի տուն Տեառն երթիցուք մեք»: Սաղմոս մը որ Երուսաղէմի ուխտաւորներուն համար կարգախօսի վերածուած էր, որ կը շարունակուէր երգելով. «Հասեալ կային ոտք մեր առ դրունս քո, Երուսաղէմ» (Սաղմոսք, 121.1-2) 

Երուսաղէմը յատկանշական տեղ ունէր հրէից կրօնական կեանքի իրականութեան մէջ։ Մանաւանդ Երուսաղէմի տաճարը կարեւոր էր հրեայ պաշտամունքային դրութեան մէջ։ Տարին երեք առիթներով՝ ըստ Սուրբգրական տնօրինութեան «բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, իրենց բոլոր արուները՝ Տէր Աստուծոյ առջեւ պարտէին երեւնալ» (Բ. Օրինաց,16.16) եւ այս առումով ալ անպայման Երուսաղէմ կը դիմէին։ Այդ երեք առիթներէն գլխաւորն էր Պասէքի՝ Բաղարջակերաց տօնը, որ յիշատակութիւնն էր հրեայ ժողովուրդին Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրման։ Այս տօնին հրեաները թէ՛ Հրէաստանէն եւ թէ աշխարհի չորս ծագերէն Երուսաղէմ ուխտի կու գային Տաճար, որ բարեպաշտութեան եւ Աս-տուծոյ հետ հաղորդակցութեան վայրն էր։

Մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս Մարիամի եւ Յովսէփի հետ բազմիցս այցելած էր Երուսաղէմ։ Իսկ յետ մկրտութեան երբ ձեռնարկեց Աւետարանի քարոզութեան, երեք տարուան վարդապետութեան ընթացքին, նախ քան վերջին այցելութիւնը, երեք առիթներով Պասէքի տօնին Երուսաղէմ այցելած էր։

Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Քրիստոսի վերջին այցելութիւնը Երուսաղէմ, առիթ ընծայած էր, որ Սուրբ Քաղաք մուտքին տիրէր խանդավառ ուրախութեան մթնոլորտ մը։ Ուրախութիւն մը՝ որ կ՚արտայայտուէր ձիթենիներու եւ արմաւենիներու ճիւղերու ճօճումով եւ ովսաննաներով. «Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։ Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն. Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» (Սաղմոսք, 117(118). 25-26, 28-29)։ Աւետարանիչներ արձանագրած են ժողովուրդի բարձրաղաղակ գոչումները, զորս կը լսենք հոգեւոր առումով. «Ովսաննա Բարձրեալին, Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին. օրհնեալ ըլլայ ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Օրհնութիւն եւ փառք բարձունքներու մէջ օրհնեալ ըլլաս դուն որ կու գաս Տիրոջ անունով Օրհնեալ ըլլայ մեր Հօր՝ Դաւթի թագաւորութիւնը. Խաղաղութիւն երկնքի մէջ ։ Ովսաննա» (Մատթէոս, 21.9։ Մարկոս, 11.10։ Ղուկաս, 19.38։ Յովհաննէս, 12.13)։

Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք մուտքին տիրող խանդավառութիւնը առիթ մը կ՚ընծայէ, որ յիշենք նաեւ Անոր քառասնօրեայ մանուկ տաճար ընծայումը, որ ուրախութիւն պատճառած էր Սիմէոն Ծերունիին։ Ալեհեր ծերունիին ուրախութիւնը կը կայանար Սուրբ Հոգիէն ստացած հրամայականին իրականացած ըլլալու հիման վրայ, որ էր «մահ չտեսնել մինչեւ տեսնէր Տիրոջ Օծեալը» (Ղուկաս, 2.26-27)։ Ուրախութիւն պատճառած էր նաեւ Աննա մարգարէուհիին, որ «կը խօսէր մանկան մասին բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի փրկութեան կը սպասէին» (Ղուկաս, 2.38)։ Կը յիշենք նաեւ տասնեւերկու տարեկան Քրիստոսի, Տիրամօր Մարիամին արտասանած բառերը, որով Տաճարը կոչած էր որպէս «իր Հօրը Տունը» (Ղուկաս, 2.49)։ 

Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք մուտքին կը տեսնենք ճամբու վրայ տարածուած զգեստներու ընդմէջէն արտացոլացող ամբոխի մը ուրախութիւնը։ Նաեւ Տաճարի սրբութեան նկատմամբ Քրիստոսի ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ ձեռնարկած մաքրագործումին ընդմէջէն զգալի կը դառնայ Տաճարի բարոյական ուրախութիւնը, ազատագրուած՝ աւազակներու այրի վերածուած ըլլալու վիճակէն, վերստին դարձած ըլլալով աղօթքի տուն ըլլալու հանգամանքին (Մատթէոս, 21.12-13)։

Քրիստոսի Սուրբ Քաղաք այցելութեան առթիւ իրաւ է, թէ ապրուած աննախընթաց ուրախութիւն մը նկարագրուած է, սակայն կայ նաեւ ուրախութեան առընթեր տխրութիւն մը, որ դուռ կը բանայ Քրիստոսի լացին։ Քրիստոս ինչո՞ւ կու լայ։ Կու լայ անոր համար, որ կը յիշէ օրէնքի եւ մարգարէութիւններուն հաղորդ ըլլալով հանդերձ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը իր քարոզութեանց նկատմամբ. իր գործած հրաշքներուն նկատմամբ. Իր խօսքը կ՚ուղղուի Երուսաղէմի. «Եթէ գիտնայի՜ր դուն, գոնէ այս օրերուն, քու խաղաղութիւնդ. Բայց հիմա ան ծածկուած է քեզմէ» (Ղուկաս, 19.41-42)։ Ու մարգարէացաւ Երուսաղէմ քաղաքի կործանումը եւ ըսաւ. «Չգիտցար քու այցելութեանդ ժամանակը» (Ղուկաս, 44)։

Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է։ Եկեղեցին կազմուած է Քրիստոսը որպէս «Փրկիչ եւ կենդանի Աստուծոյ Որդի» ընդունելու հաւատքի հիման վրայ, ըստ խոստովանութեան Պետրոս առաքեալի։ Քրիստոսի խոստումն էր, թէ Պետրոս առաքեալի հաւատքի խոստովանութեան «վէմին վրայ պիտի շինէր Իր եկեղեցին եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարէին զայն» (Մատթէոս, 16.17-18)։ Դարեր շարունակ նոյնիսկ հալածանքներու շրջաններուն եկեղեցւոյ բաղկացուցիչ հաւատացեալները զիրար ուրախութեամբ քաջալերած էին եւ առաջնորդած՝ դէպի Տիրոջ Տունը երթալու։ Այդ վայրերը երբեմն ընդյատակեայ, երբեմն ալ ժայռափոր վայրեր էին։ Սակայն մէկ բան կար զանոնք իրար միացնող. Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ սիրոյ հաղորդակցութիւնը եւ կարեւորը՝ Քրիստոսի պատուական եւ Սուրբ Մարմնին ու Արեան հաղորդութիւնը։ Ուրեմն այդ ուրախութիւնը Քրիստոս ալ կը վայելէր, տեսած ըլլալով Իր Խօսքին շուրջը համախմբուած անհատներ, որոնց համար փրկութեան Աւետարանը կը նմանէր այն «հաւուն որ իր թեւերուն տակ կը համախմբէր իր ձագերը» (Մատթէոս, 23.37)։

Եկեղեցին դարերու ընդմէջէն կը շարունակէ յայտարարել իր շինարար կոչը «Քրիստոսի արեամբ մեղքի ծառայութենէն գնուած, Երկնաւոր Հօր որդեգրութեան պատիւին արժանացած, Քրիստոսի ժառանգակից եւ Սուրբ Հոգիի տաճար դարձած» հասարակութեան, գալ Աստուծոյ Տունը յիշեցնելով, թէ անոնք Քրիստոսի Մարմնին՝ անդամներն են։ Եւ անոնք կը հրաւիրուին ապրելու Սաղմոսերգուի ուրախութիւնը, որ կ՚ըսէր. «Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս, ի տուն Տեառն երթիցուք մեք»։ Այդ ուրախութիւնը կը պարգեւէ պտուղ օրհնութեան։ Այդ ուրախութիւնը կ՚առաջնորդէ «յոգնութիւններէն եւ բեռնաւորուածներէն ձերբազատուելու, ստանալու Քրիստոսի քաղցր լուծը, թեթեւ բեռը եւ իրմէ սորվելու, հեզութիւնը եւ սրտով խոնարհութիւնը» (հմմտ. Մատթէոս, 11.28-30)։

Թէ ո՞ւր է մեր օգուտը. ընդառաջե՞լ հրաւէրին, թէ ոչ՝ խցել մեր ականջները։ Երբ կ՚ընդառաջենք հրաւէրին, բացայայտ է, թէ՝ ինքնին մասնակցած կ՚ըլլանք եկեղեցւոյ ուրախութեան, ի մտի ունենալով Պետրոս առաքեալի արտայայտութիւնը. «Տէր, որո՞ւն պիտի երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Եւ մենք հաւատացինք եւ ճանչցանք թէ Դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.68-70)։ Իսկ եթէ ականջները խցելն է մեր նախընտրութիւնը, կամաւորապէս դասակցած կ՚ըլլանք «իրենց եղած խնջոյքի մասնակցութեան հրաւէրը տուն առի, եզ առի եւ կամ կին առի» ըսելով մերժողներուն (Ղուկաս, 14.18-20), անոնց մերժողական պատասխաններուն զուգահեռ հազարումէկ պատճառաբանութիւններ յօրինելով։ Վստահ կրնանք ըլլալ, որ այս երկրորդը ոչ մէկ օգուտ եւ օրհնութիւն պիտի բերէ մեզի։ Կը հրաւիրուինք հաւատով, սիրով եւ բոլորով սրտիւ ընդառաջել առաջին կանչին։ 

Այս տօնը իր լիիրաւ իմաստը կը զգենու այն ատեն, երբ ընտանիքներ իրենց զաւակներով կու գան Տիրոջ ընդառաջ։ Որպէս մեծեր, պարտինք ուշադիր ըլլալ, որ օրուան տօնին նկատմամբ անտարբեր կեցուածք մը չորդեգրուի մեր յարկերէն ներս, քանի անոր անմիջական հետեւանքը դժբախտաբար պիտի նշանակէ մերժում օրհնաբեր կանչը։ Եւ կարեւորը. պարտինք ուշադիր ըլլալ, որպէսզի մեր զաւակներուն վրայ ակամայ ոչ-ցանկալի ազդեցութիւններ չգործուի եւ անոնք իրենց մատղաշ տարիքին չվարակուին անտարբերութեան ախտէն։ 

Կը լսենք Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի յորդորական խրատը. «Նոր սիօնը որ ազգերու եկեղեցին է, ուր մեր Տէրը Քրիստոս՝ փառքի Թագաւորը, հրեաներու ժամանակուան Տաճարէն ներս գործած մուտքէն ալ աւելի մուտք կը գործէ։ Ու այսօր եկեղեցին զԱյն դիմաւորելու կ՚ելլէ. ոչ թէ հրեաներու նախանձով բոցավառուած չարութեանը օրինակով, այլ բոցավառուած՝ ամենայն առաքինութեամբ եւ բորբոքած Քրիստոսի սիրով։ Այսօր մենք առանց դանդաղելու ընդունինք զԱյն մեր սրտերուն եւ տաճարներուն մէջ։ Եւ Ան, իր միւսանգամ գալստեան ժամանակ մեզ ընդունի, երբ որ կու գայ իր Հօրը փառքով եւ կը հատուցանէ իւրաքանչիւրին իրենց գործերուն համաձայն»։

Ապրինք Ծաղկազարդի հոգեւոր օրհնութիւնը ուրախութեամբ, լիահագագ գոչելով. «Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին. օրհնեալ ըլլայ ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»։ Տիրոջ օրհնութիւնը ընդմիշտ մեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

8 ապրիլ 2025, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025