ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ EAJ-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոպայի դատաւորներու միութեան (EAJ) տարեկան համաժողովի մասնակցիները։ EAJ-ի այս տարուան համաժողովը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ մասնակիցները այս ծիրէն ներս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Հանդիպման սկիզբին Հայաստանի Դատաւորներու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Ազարեան տեղեկացուց, որ Եւրոպայի շուրջ 35 երկիրէ պատուիրակութիւններ Հայաստան այցելած են այս համաժողովին առթիւ։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց եւրոպացի իրաւաբաններու մեծ խումբը հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ Ան կանգ առաւ դատաւորի կարեւոր առաքելութեան վրայ՝ աշխարհի արդարութեան հաստատման, մարդու իրաւանց եւ ազատութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց արդարադատութեան բարոյահենք համակարգի ամրապնդումը։
Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին խօսեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի գերեվարած հայոց շինծու դատավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման առումով Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց միջազգային դատական հանրութեան անդրադարձը։