Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
Տ. ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՈՒՉՔՈՒՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, որ վերջին տարիներուն ծառայութիւնը կը շարունակէ Երուսաղէմի մէջ։ Հայր սուրբը տարեկան արձակուրդով եկած է քաղաքս եւ այս առթիւ քաղաքավարական այցելութեամբ, աջահամբոյրի համար ներկայացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Տ. Եղիշէ Վրդ Ուչքունեանի այցելութեան առթիւ՝ մաղթելով բարի արձակուրդ ու կեցութիւն։
Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025