ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԱՂԱՊԱԼՕՂԼՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որուն ընկերացան Կէտիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն անդամներ։ Վերապատուելին եւ ընկերակիցները զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տուին իրենց եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հիւրերուն այցելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցանուէր աշխատանքներուն համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025