ՀԵՌՈ՛Ւ ՄՆԱՆՔ ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԵՆԷ
«Ո՛չ բոլոր անոնք որոնք կը ներեն՝ ընկեր են, ո՛չ ալ բոլոր անոնք որոնք կը հարուածեն՝ թշնամի են»
Կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր ճիշդն ու սխալը, ճերմակն ու սեւը, բարին եւ չարը սկսած են իրարու նմանիլ, աւելի ճիշդ՝ իրարու նման ներկայացուիլ կամ մատուցուիլ մարդոց, նայած պարագաներուն կամ պայմաններուն: Այսօրուան մարդը մեծ դժուարութիւն կ՚ունենայ կարենալ հասկնալու համար զինք շրջապատող մարդոց եւ իրողութիւններուն անկեղծութիւնը, ճշդութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը:
Այսօր, նոյնիսկ արենակցական կապերը սկսած են անտեսուիլ յանուն շահի, որով նոյնիսկ ամենէն մտերիմ եղող ազգականները կամ ընկերները շողոքորթութեան կը դիմեն՝ հասնելու համար իրենց նպատակներուն, կամ տուեալ մարդէն ունեցած շահը կարենալ կորզելու համար:
Միւս կողմէ, ներկայիս մարդկային փոխյարաբերութիւնները այնքան խառնուած են, որ դժուար կ՚ըլլայ հասկնալ աջակողմեանը կամ ձախակողմեանը, բարին կամ չարը: Շատ յաճախ ընկեր ձեւացող մարդոցմէ այնպիսի զօրաւոր հարուածներ կու գան, որ թերեւս թշնամին այդքան ուժգնութեամբ չի՛ հարուածեր ու չի՛ վիրաւորեր ո՛չ ֆիզիքապէս եւ ո՛չ ալ հոգեպէս: Երբեմն ալ ճիշդ հակառակը, թշնամիէն ստացած մէկ հարուածը զգաստացնող եւ դրական ազդեցութիւն ունեցող կ՚ըլլայ, այլ խօսքով՝ օգտակար եւ փրկարար:
Այս բոլորը մարդկային փոխյարաբերութեան պարագային: Դժբախտաբար, մարդը Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը եւս այս ձեւով կը դասաւորէ, որով իր արարքներով երբեմն զԱստուած կը հաճեցնէ, բայց շատ յաճախ կը ցաւցնէ ու կը նեղացնէ: Երբեմն բարի կը ձեւանայ, իսկ երբեմն ալ…: Երբեմն բարեգործութիւն կը կատարէ, միւս կողմէ, սակայն, կը կեղեքէ ու կը գողնայ: Այս բոլորը կ՚ընէ, առանց անդրադառնալու սակայն, որ թէեւ մարդիկը կրնայ խաբել, բայց զԱստուած չի՛ կրնար խաբել, որովհետեւ Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ եւ գիտէ մարդուն մտածումներն ու խորհուրդները:
Սուրբ Ամպրոսիոս կը գրէ. «Ո՛չ բոլոր անոնք որոնք կը ներեն՝ ընկեր են, ո՛չ ալ բոլոր անոնք որոնք կը հարուածեն՝ թշնամի են: «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» [Առ 27.6]: Պետրոսը վիրաւորեց, իսկ Յուդան համբուրեց: Համբոյրը դատապարտեց Յուդային, քանի որ այն դաւաճանութեան թոյնը կը կրէր, իսկ Պետրոսին պատճառած վէրքը բուժուեցաւ, որովհետեւ անոր մեղքը արցունքներով լուացուեցաւ»:
Զգաստանանք եւ այնպէս չընենք, որ մեր համբոյրը թունալից ըլլայ, իսկ պատճառած վէրքերը՝ անբուժելի, այլ՝ հաւատարիմ եւ անկեղծ ըլլանք մեր վերաբերմունքին մէջ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ ալ մեր նմաններուն հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ