ՉԲԱՐԿԱՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԸ

Հրեաները Մովսէս մարգարէի առաջնորդութեամբ Եգիպտոսէ դուրս գալէ ետք, մինչ տակաւին կը թափառէին եւ Սինա հասած էին, Մովսէս Սինա լեռ կը բարձրանայ հանդիպելու Աստուծոյ: Երբ հրեաները կը տեսնեն, թէ Մովսէս կ՚ուշանայ վերադառնալ, Ահարոնէն կը խնդրեն, որ իրենց համար կուռք մը պատրաստէ, որպէսզի պաշտեն զայն: Այդպէս ալ կ՚ընեն: Մովսէս, երբ լեռնէն կ՚իջնէ՝ իր ձեռքերուն մէջ ունենալով Աստուծմէ ստացած տասը պատուիրանները, տեսնելով ձուլածոյ կուռքը, իր ձեռքին տախտակները գետին կը նետէ…: 

Երկրորդ Օրինաց գիրքին մէջ այս բոլորը յիշեցնելէ ետք հրեայ ժողովուրդին, Մովսէս կը շարունակէ, ըսելով. «Առաջինին նման երկրորդ անգամ ալ քառասուն օր, քառասուն գիշեր Տիրոջ առջեւ աղաչեցի, հաց չկերայ, ջուր չխմեցի ձեր գործած բոլոր մեղքերուն քաւութեան համար, որովհետեւ մեր Տէր Աստուծոյ առջեւ չար գործեր կատարած էիք ու բարկացուցած էիք զԻնք» (Բ. Օր 9.18):

Մովսէս մարգարէին այս տողերը կարդալով հիմնական երկու իրողութիւններու մասին պէտք է մտածենք ու խորհրդածենք: 

Առաջին՝ այն որ, եթէ սխալ, մեղք գործած ենք, ապա անդրադառնալով զղջացած ենք մեր գործածներուն համար, պէտք է խոստովանինք, ինչպէս նաեւ ծոմ բռնենք, պահք պահենք, որպէսզի ներում, քաւութիւն եւ թողութիւն ստանանք:

Երկրորդ՝ մեր իւրաքանչիւր սխալը, մեղքը կամ թերութիւնը զԱստուած կը բարկացնէ: Այսինքն, երբ մենք որեւէ մէկ վատ արարք կը գործենք, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է, այդպիսով Անոր բարկութիւնը կը շարժենք եւ մենք մեզ անասելի պատիժներու ու դատապարտութեան արժանի կը դարձնենք:

Արդարեւ, այնքան ատեն որ տակաւին պանդխուտութեան այս աշխարհին վրայ ենք, եթէ մեղանչենք, չյուսահատինք կամ չմտածենք, թէ Աստուած պիտի չներէ, ընդհակառակը, ճմլուած սիրտով եւ անկեղծ զղջումով ծունկի գանք Անոր առջեւ եւ ներում ու թողութիւն խնդրենք Անկէ: Միւս կողմէ ալ, միշտ յիշենք, որ մեր վատ արարքները կը բարկացնեն ու կը վշտացնեն զԱստուած՝ մեր Երկնաւոր Հայրը, եւ ինչպէս պիտի չուզէինք մեր երկրաւոր հայրերը վշտացնել ու բարկացնել, ընդհակառակը ուրախացնել եւ հրճուեցնել, այդպէս ալ վարուինք մեր Երկնաւոր Հօր հետ, Որուն փառք, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 14, 2026