ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։

Յետմիջօրէին Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսապետեց նաեւ Անդաստանի եւ Դռնբացէքի արարողութեան։ Ան օրհնեց նաեւ շապիկ հագուելով խորան բարձրացած մանուկներն ու պատանիները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025