ՍՈՒՐԲ ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻԻ ԽՐԱՏՆԵՐԸ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Եզնիկ Կողբացի Վարդապետը հետաքըրքրական տասը խրատներ տուած է սիրոյ մասին: Այդ խրատներն են.

«1) Ան որ կը սիրէ բարեպաշտը, սիրոյ արձան կը կանգնեցնէ Աստուծոյ [համար] եւ անհաշտ թշնամութիւն [կ՚արտայայտէ] սատանային նկատմամբ։

2) Դուն քեզի համար բնաւորութիւն դարձուր սէրն ու երկիւղը, որպէսզի խաբէութեամբ չտանջուիս։

3) Հնազանդէ՝ սիրով, աղօթէ՝ յոյսով, աշխատէ՝ հաւատքով, եւ [այդպիսով] կը պայծառանաս երկնային հարսանիքին մէջ։

4) Մի՛ սիրեր ուտելիքներու եւ ըմպելիքներու յագուրդը, այլապէս մարմինդ կը դարձնես պոռնկութեան քաղաք եւ սատանայի ամրոց։

5) Եղբայրդ մի՛ սիրեր փափուկ ուտելիքներով, ըմպելիքներով կամ պատուական հագուստներով, այլ՝ առանց անոնց, որպէսզի չժառանգես Կայէնի պատիժը։

6) Խոնարհութեամբ, սիրով, յոյսով հնազանդիլը եւ գիտակցաբար չարչարուիլը կատարելութիւնն է։

7) Եթէ եղբայրդ սրտացաւութեամբ չես սիրեր, անոր հետ մի՛ մնար։

8) Եթէ քեզ սիրեն, գոհացի՛ր Աստուծմէ, իսկ եթէ չսիրեն, մի՛ տրտնջար, եւ ուրիշն ալ մի՛ տրտմեցներ, այլ դուն քեզ նեղէ՛ քիչ մը լռութեամբ, որովհետեւ ան որ կը պատերազմի, համբերութեան կարիքը կը զգայ։

9) Տգէ՛տ եւ անշրջահայեաց առաջնորդը՝ բուժելու ատեն կը խոցէ, ուղղելու ատեն կը խորտակէ, սիրոյ ատեն ատելութիւն ցոյց կու տայ։ 

10) Ատելութեան փոխարէն սէր, միաբանները [իրարու] խառնելով, [զանոնք] անվաստակ կը դարձնէ»։

Մարդ եթէ փորձէ այս խրատներով առաջնորդուիլ սիրոյ մէջ, ապա Աստուծոյ կը միանայ եւ սատանային թշնամի կը դառնայ: Խաբէութեամբ չի՛ տանջուիր, քանի որ ինքզինք վարժեցուցած կ՚ըլլայ սիրոյ: Պոռնկութեան քաղաք եւ սատանային ամրոց ըլլալէ հեռու կը մնայ՝ եթէ սիրով լեցուի եւ հեռու մնայ գայթակղութիւններէ: Եղբայրներուն մէջէն ատելութիւնն ու ոխակալութիւնը կը վանէ: Կատարելութեան կը հասցնէ մարդուն: Մէկ խօսքով, սէրը բժշկարար զօրութիւն ունի իր մէջ, որով մարդուն մէջ եղած ամէն տեսակի աղտեղութիւններն ու հիւանդութիւնները կը մաքրէ ու կը բուժէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025