ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ
Այսօր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։ Տօնը կը նշուի Քրիստոսի Յարութեան 40-րդ օրը, 35 օրուան շարժունակութեամբ` ապրիլի 30-էն մինչեւ յունիսի 3-ը՝ հինգշաբթի: Յարութենէն ետք Քրիստոս 40 օր կը մնայ երկրի վրայ եւ կ՚երեւի Իր աշակերտներուն: Այդ ընթացքին Յիսուս իր վարդապետութիւնը կ՚ուսուցանէր անոնց, իսկ վերջին հանդիպման ժամանակ կ՚օրհնէ ու պատգամներ կու տայ առաքեալներուն, որմէ ետք կը համբարձի երկինք:
Քրիստոսի Համբարձման մասին կը վկայեն Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, վկայութիւններ կան նաեւ Գործք Առաքելոցի մէջ. «եւ Ինքը՝ Տէր Յիսուս, անոնց հետ խօսելէն ետք, դէպի երկինք վերացաւ եւ նստեցաւ Հօր աջ կողմը» (Մարկ. 16:19): Հայ Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 1-ը կը յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը Սիս քաղաքէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փոխադրելու օր:
Պատմութեան թելադրանքով 484 թուականէն Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ հանգրուանած Հայրապետական Աթոռը 1441 թուականին Վաղարշապատի ազգային-եկեղեցական ժողովի որոշմամբ մէկընդմիշտ կը վերահաստատուի Լուսաւորչահիմն Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Ի յիշատակութիւն պատմական այդ օրուան՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Համբարձման տօնի առիթով մատուցուող Սուրբ Պատարագի ընթացքին Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կը կատարուի նաեւ Հայրապետական մաղթանք: Քրիստոսի Համբարձման տօնը կ՚ուղեկցուի նաեւ ժողովրդական հանդիսութիւններով եւ կը կոչուի Ջանկիւլում (կիւլ՝ կը նշանակէ վարդ, ծաղիկ): Հին ժամանակ Համբարձման օրուան տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթիէն: Կանայք այդ օրը կ՚անուանէին «Ծաղկամօր կիրակի»:
Ծաղկամայրը, ըստ աւանդոյթի, քրիստոնեայ Վարվառա կոյսն է, որ փախչելով կռապաշտ հօրմէն, կ՚ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լերան քարանձաւի մէջ: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, կը գտնէ եւ կը սպաննէ զինք: Նահատակուելէն առաջ Վարվառան կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկ եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին իր անունով: Աստուած կը կատարէ անոր խնդրանքը եւ Վարվառայի բարեխօսութիւնը խնդրող ծնողներու զաւակները կ՚ազատին այդ հիւանդութիւններէն: Այդ քարանձաւը դարձած է ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մշտապէս ջուր կը հոսի, որ ունի բուժիչ յատկութիւն: Ժողովուրդը հաւատացած է, որ այդ ջուրը Վարվառա կոյսի արցունքներն են:
Տօնը Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ իւրովի կը նշուի: Սակայն, նախապէս կը կատարուի ծաղկահաւաք: Տօնի ժամանակ ամէնուրեք կը կատարուի վիճակ եւ կը պարզուի, թէ տուեալ տարին ո՛ր աղջիկը պիտի ամուսնանայ:
Տօնի օրը ջուրով լեցուն կուժերու մէջ կը լեցնեն ծաղիկներու տերեւներ եւ աղջիկներուն պատկանող զանազան իրեր: Ապա դեռահաս աղջկայ մը կը հագցնեն հարսի զգեստ, կը վերցնեն կուժերը, ծաղիկները եւ կը շրջին տունէ տուն: Այս բոլորը կը զուգորդուին երգերով, կատակներով եւ դրամահաւաքով: Յետոյ կը սկսի վիճակահանութիւնը, որուն կը պատկանի առաջին իրը, անոր մօտալուտ ամուսնութիւն կը սպասուի: Կուժէն կը հանեն միւս իրերը, որոնց պատկանող անձանց խրատներ եւ բարեմաղթանքներ կը տրուին: Մինչ օրս, մասնաւորապէս Էջմիածնի եւ յարակից գիւղերու մէջ պահպանուած է այս աւանդոյթը: