ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ

«Երբ երկրէն բարձրանամ, բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։ Բարձրացումը Խաչին վրայ կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկինք բարձրացումը։ Մին միւսին սկիզբն է։ Յիսուս Քրիստոս, միակ քահանան նոր եւ յաւիտենական ուխտին, «մտաւ … ո՛չ թէ … մարդու ձեռակերտ սրբավայրի մը մէջ … այլ երկինք՝ որպէսզի երեւնայ Աստուծոյ առջեւ ի նպաստ մեզի». (ԵԲՐ. Թ 20)։ Երկինքի մէջ Քրիստոս մշտապէս կը կատարէ Իր քահանայութիւնը. «քանի որ միշտ կենդանի է, որպէսզի Ան միջնորդէ, ի նպաստ անոնց՝ որոնք Իրմով կը քալեն դէպի Աստուած». (ԵԲՐ. Է 25)։ Իբրեւ «քահանայապետ հանդերձեալ բարիքներուն». (ԵԲՐ. Թ 11), Ան երկինքի մէջ Հօր ի պատիւ մատուցուող ծէսին կեդրոնը եւ գլխաւոր ծիսակատարողն է. (ՅԱՅՏ. Դ 6-11)։

«Անոնց խօսելէ ետք՝ Տէր Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ բազմեցաւ Հօր աջակողմը». (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։ Այսուհետեւ Քրիստոս կը բազմի Հօր աջակողմը։ Այս մասին Սուրբ Յովհան Դամասկացի կ՚ըսէ. «Հօր աջակողմը ըսելով, մենք կը հասկնանք փառքը եւ պատիւը աստուածութեան՝ ուր որ բոլոր ժամանակներէն առաջ գոյութիւն ունէր իբրեւ Աստուած եւ համագոյակից Հօր, այժմ մարդանալէն եւ Իր մարմինին փառաւորուելէն ետք, նստաւ մարմինով»։

Քրիստոսի մարմինը Յարութեան պահէն սկսեալ փառաւորուեցաւ, որուն ապացոյցն են այն նոր եւ գերբնական յատկութիւնները՝ զորս այսուհետեւ մշտապէս կը վայելէ անոր Մարմինը. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 31), (ՅՈՎՀ. Ի 19-26)։

Բայց քառասուն օրերուն ընթացքին Իր աշակերտներուն հետ մտերմաբար ուտելու խմելու. (ԳՈՐԾ. Ժ 41) եւ զանոնք Արքայութեան մասին ուսուցանելու միջոցին. (ԳՈՐԾ. Ա 3), Անոր փառքը պիտի մնայ տակաւին քօղարկուած՝ սովորական մարդու դիմագիծին տակ. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 12), (ՂՈՒԿ. ԻԴ 15), (ՅՈՎՀ. Ի 14-15, ԻԱ 4)։

«Հօր աջին բազմիլ»ը՝ Մեսիայի թագաւորութեան սկզբնաւորիլը կը նշանակէ եւ Մարդու Որդիին մասին, Դանիէլ մարգարէին տեսիլքին կատարումը. «Անոր տրուեցաւ իշխանութիւն, պատիւ եւ թագաւորութիւն, եւ բոլոր ժողովուրդները, ազգերը եւ լեզուները Անոր պիտի ծառայեն։ Անոր իշխանութիւնը զմիշտ է եւ անոնց. իսկ Անոր թագաւորութիւնը՝ անկործանելի». (ԴԱՆ. Է 14)։ Այս պահէն սկսեալ, առաքեալները վկաները դարձան «անվախճան թագաւորութեան»։

«Քրիստոս մեռաւ եւ վերստին կենդանացաւ որպէսզի ըլլայ Տէրը մեռեալներուն եւ կենդանիներուն». (ՀՌՈՄ. ԺԴ 9)։ Քրիստոսի երկինք Համբարձումը կը նշանակէ Իր իբր մարդ մասնակցութիւնը Աստուծոյ զօրութեան եւ իշխանութեան։ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է. Ան ունի ամէն իշխանութիւն երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ան «աւելի՛ մեծ է քան ամէն իշխանութիւն, պետութիւն, զօրութիւն եւ տէրութիւն», որովհետեւ Հայրը «ամէն ինչ դրաւ Անոր ոտքերուն տակ». (ԵՓԵՍ. Ա 20-22)։

Քրիստոս Տէ՛րն է տիեզերքին. (ԵՓԵՍ. Դ 10), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 24, ԻԷ 24, 27-28), եւ պատմութեա՛ն։ Անոր մէջ, մարդուն պատմութիւնը եւ ամբողջ արարչութիւնը կը գտնեն իրենց «բովանդակութիւնը». (ԵՓԵՍ. Ա 10), իրենց վերանցական լրումը։

Յիսուս Քրիստոս միանգամ ընչ միշտ մտնելով «Երկնային Տաճար»ը անդադար կը բարեխօսէ մեզի համար իբրեւ միջնորդը՝ որ մշտապէս կ՚ապահովէ մեզի Սուրբ Հոգիին զեղումը։

Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է, որուն ժամանակը Հայրը սահմանած է եւ կը պատկանի միայն Իր իշխանութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 13, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026