ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՎՃԻՌՆԵՐ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները կը շարունակեն երկարաձգել բանտարկեալ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կալանքի ժամկէտները։ Երկրէն ներս յառաջացած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ՝ դատական իշխանութիւններու քայլերը տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ համապատասխան գործերը քաղաքական բնոյթ կը կրեն։

Երէկ, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական ատեանը որոշեց եւս երեք ամիս ժամկէտով երկարաձգել Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս տարի յունիսի 26-էն ի վեր բանտարկուած կը գտնուի։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է՝ ահաբեկչութեան, զանգուածային անկարգութիւններ եւ իշխանութեան զաւթում նախապատրաստելու պնդումներով։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան կը մերժէ իրեն դէմ հասցէագրուած ամբաստանութիւնները, որոնք կը համարէ քաղաքական հետապնդման դրսեւորում։

Միւս կողմէ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պաշտպաններու խումբն ալ Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանին մօտ բողոքարկեց՝ առաջին ատեանի դատարանին կողմէ արձակուած վճիռը, որով Նորին Սրբազնութիւնը երկու տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր։ Փաստաբանները Վերաքննիչ դատարանէն խնդրած են ամբողջութեամբ բեկանել դատավճիռը եւ կայացնել նոր դատական գործ մը՝ ճանչնալ ու հռչակելու համար Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի անմեղութիւնը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025