ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՕՐԸ ՆՈՐԱՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Երէկ, Տեառնընդառաջի առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գերագին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ։ Մայր Տաճարի արարողութենէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը վեհարանի մէջ ալ ընդունեց այն նորապսակ զոյգերը, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս։ Այս փուլին ալ Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց զանոնք։ Ընդհանրապէս, Նորին Սրբութիւնը նորապսակներու օրհնութեան կարգի առթիւ տուաւ այն պատգամը, թէ անոնք ապրին Ս. Աւետարանի ուղիով եւ չընկրկին կեանքի դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն առջեւ։