ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԶԱՐԴ ՉԷ

Անցեալ եւ ներկայ ժամանակներուն յաճախ կը խօսուի եւ կը բարձրաձայնուի, թէ Աստուածաշունչը ամենէն շատ հրատարակուած գիրքն է աշխարհի վրայ, իւրաքանչիւր տարի միլիոնաւոր Աստուածաշունչ կը տպուի աշխարհի չորս կողմերուն մէջ: Եւ այսօրուան մարդը, որովհետեւ նիւթականին գերին է, այդ պրիսմակէն կու տայ իր գնահատականը եւ կ՚ուրախանայ…: Հարցնենք սակայն. ինչո՞ւ այսօրուան աշխարհը այսքան խռովութիւններով եւ պատերազմներով լեցուն է, ինչո՞ւ համար այսօրուան մարդը դժուարութիւն ունի իր դիմացինին զիջելու եւ զրուցելու անոր հետ, ինչո՞ւ համար վայրագութիւնները, անօրէնութիւնները, անձնասպանութիւններն ու անբարոյականութիւնը օր օրի աճ կ՚արձանագրէ: Պատասխանը պարզ է. որովհետեւ այդ տպուած Աստուածաշունչերը ո՛չ թէ կը կարդանք, այլ՝ մեր գրադարաններուն մէջ որպէս զարդ կը զետեղենք, մոռնալով կամ անգիտանալով, որ Աստուածաշունչը գրադարանի զարդ չէ:

Մեր ժողովուրդն ալ ատելութեամբ, նախանձով, չարակամութեամբ լեցուած է եւ ո՛չ ոք իր նմանին լաւութիւնը կ՚ուզէ, թէեւ մեր մօտ ալ տարեկան հազարաւոր օրինակներ կը տպուին Աստուածաշունչէն: Մենք եւս որպէս զարդ կը մօտենանք Աստուածաշունչին, այլ՝ ո՛չ թէ որպէս սպեղանի եւ բալասան մեր վէրքերուն ու դժուարութիւններուն: 

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Կը հաւատանք, որ ամէն Հայ տան մէջ անպայմանօրէն կայ Աստուծոյ խօսքը, Աստուածաշունչ մը։ Բայց շատ յաճախ անիկա հանգիստ մը նստած է գրադարանին կամ պահարանին մէկ անկիւնը եւ խանգարող մը չկայ. չկայ մէկը՝ որ զայն բանայ ու կարդայ, չկայ մէկը՝ որ զայն սերտէ ու գիտնայ, չկայ հետաքրքրութիւն՝ գիտնալու, թէ ի՛նչ է, ի՛նչ կ՚ըսէ անիկա եւ ինչո՛ւ հոն է։ Ոմանց համար անիկա եղած է չբացուելո՛ւ համար, խորհրդաւոր՝ իր լռութեան մէջ. ոմանք կը վախնան զայն կարդալու, կարծէք մէջէն ոգիներ պիտի ելլեն. ուրիշներ անկէ հեռու կը մնան, որովհետեւ կ՚ըսեն, թէ անոր մէջ գրուածներուն չեն հաւատար. բայց ինչպէ՞ս չեն հաւատար՝ երբ նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է անիկա եւ ի՞նչ կը պարունակէ, ինչի՞ մասին կը խօսի եւ ի՞նչ կը բերէ։ Կան նաեւ հաւատացեալներ, որոնք նոյնպէս չեն կարդար, կամ հազիւ անոր չնչին մէկ տոկոսին ծանօթ են։ Միայն քիչեր զայն կը կարդան կանոնաւոր կերպով եւ հետաքրքրութեամբ, իրենց միտքին ու հոգիին պապակը յագեցնելով անով։ Ու մտածել՝ որ մենք զաւակներն ենք անոնց, որոնք անցեալ պատմութեան ընթացքին բազմիցս թշնամիներու երեսն ի վեր յայտարարած են. “Քանզի հայր մեր զսուրբ Աւետարանն գիտեմք”, “մենք Աւետարանը կը ճանչնանաք իբրեւ մեր հայրը”»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025