Կիրակի 19, Ապրիլ 2026
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Այս առթիւ ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ, որու հետ եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ տաղաւարի առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ յունաց պատրիարքը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Օրուան տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026