ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմէն ներս երէկ հոգեւոր հրճուանքի բացառիկ օր մըն էր՝ ներքին Բազմաբերդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Հայաստանի հաւատացեալներուն առընթեր, պոլսահայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ ալ յատկանշական իրադարձութիւն մըն էր այս մէկը։ Օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ համապատասխան համախմբման մթնոլորտի մէջ։ Բոլոր անոնք, որոնք շնչեցին այս արարողութիւններուն մթնոլորտը, իսկապէս ունեցան անմոռանալի ապրումներ եւ իրենց սրտին մէջ յաւերժ կը կրեն այդ յիշատակները։
Ինչպէս ծանօթ է, մեր ազգայիններէն Էֆրիմ Պաղի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուեցաւ՝ Թալին քաղաքի մերձակայ ներքին Բազմաբերդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան նախագիծը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ։ Երկարատեւ աշխատանքներէն վերջ սրբավայրը արդէն երէկ իր դռները բացաւ հաւատացեալներուն առջեւ։ Անոր նուիրական շեմէն ներս իրենց ոտքը դրին բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնց բոլորի սրտին հասարակաց մաղթանքներ կային եւ որոնք միասնաբար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին։ Մեր համայնքի բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի նուիրատուութեամբ վերանորոգուած այս եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը գլխաւորեցին՝ Արագածոտնի թեմակալ առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած էր՝ բարերարի փափաքով։ Էֆրիմ Պաղ շրջապատուած էր իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ անմիջական բարեկամներուն կողմէ։ Պոլիսէն մեկնած հիւրերուն առընթեր, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներն ալ մասնակցութիւն բերին ծրագրին։ Վերանորոգութեան ընթացքին Էֆրիմ Պաղ Հայաստանէ բազմաթիւ շրջանակներու հետ համագործակցած էր եւ անոնք եւս փութացած էին ուրախակից ըլլալու։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին եւ կանոններուն համաձայն եկեղեցին օծուեցաւ երկու սրբազաններուն ձեռամբ։ Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Էֆրիմ Պաղ պարգեւատրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով՝ ի գնահատութիւն իր եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր ընթացքին։
Օծման արարողութենէն վերջ վերանորոգեալ ու բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Կրօնական արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ աշխարհիկ տօնախմբութիւն։ (Լուսանկարները՝ յատուկ թերթիս համար)