ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ բոլոր ներկաները։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025