ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին, երբ տեղի կ՚ունենար նորընտիր քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ակամայ բացակայած էր։ Այդ ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ հաստատուած էր պատկան միջոցներով շփում մը, որով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուցած էր, որ առաջին պատեհ առիթով Վատիկան պիտի այցելէր՝ շնորհաւորելու համար իր հոգեւոր եղբայրը։ Ուրեմն Վեհափառ Հայրապետը յարգեց իր խոստումը եւ այս առաւօտ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ այդ հանդիպումը։ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ, անտարակոյս, կարեւոր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը։ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ երկու հայրապետները զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ իրարու հետ ողջագուրուելով եղբայրաբար։
Այս առաւօտեան հանդիպման համար Վեհափառ Հայրապետը երէկ յետմիջօրէին հասաւ Հռոմ, ուր դիմաւորուեցաւ «Ֆիումիչինօ» օդակայանին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը անմիջապէս առաջնորդուեցաւ Վատիկան, ուր իջեւանեցաւ քահանայապետական պաշտօնական հիւրատան՝ «Տոմուս Սանթա Մարթա»ի երդիքին տակ։ Երէկ, օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու խորհուրդի տեսուչ կարտինալ Քլաուտիօ Կուչերոթիի եւ Վատիկանի պետական քարտուղար (վարչապետ) կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Օրուան աւարտին Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ ընթրիքի սեղան մը սարքուեցաւ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հիւրընկալմամբ։
Սոյն կարճատեւ այցելութեան շրջանակներէն ներս, Սրբազան Պապին հետ այս առաւօտ Առաքելական պալատին մէջ տեսակցելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը օրուան տեւողութեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Քրիստոնէական միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի տեսուչ կարտինալ Քուրտ Քոխի, Վատիկանի մշակոյթի եւ կրթութեան խորհուրդի տեսուչ կարտինալ Խոսէ Թոլենթինօ տէ Մենտոսայի հետ։ Հուսկ, Վատիկանի միջպետական յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Քալակէ արքեպիսկոպոսը «Տոմուս Սանթա Մարթա»ի մէջ կէսօրուան ճաշ մը սարքեց ի պատիւ Նորին Սրբութեան։
Այսպէսով աւարտեցաւ Վեհափառ Հայրապետի դէպի Վատիկան ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին իրեն ընկերացան՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մագիստրոսական աստիճաններու տուչութեան բաժնի վարիչ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիրը՝ Տ. Եսայի Աբեղայ Գրիգորեան, Կաթողիկոսական գրասենեակի գործավարներէն Տ. Վահրամ Աւ. Քհնյ. Մելիքեան, որոնց Վատիկանի մէջ միացան նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։
Միւս կողմէ, անցեալ կիրակի, Խաչվերացի տօնին օրը, Սրբազան Պապը Հռոմի Ս. Պօղոսի քահանայապետական պազիլիքային մէջ նախագահեց շատ յատկանշական արարողութեան մը։ 21-րդ դարու նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու յիշատակման այս արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներկայացուցիչ մը։ Արարողութեան ընթացքին զանազան լեզուներով աղօթքներ հնչեցին։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան աղօթեց հայերէնով։
Իր կարգին, Սրբազան Պապը օրուան քարոզին մէջ ըսաւ. «Նահատակներու արիւնը նոր քրիստոնեաներու սերմն է»։