ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Այսօր, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթենի վրայ կեդրոնացած է Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին ուշադրութիւնը։ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ շրջադարձային իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Սանկտ Փոլթենի մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ ծանր հալածանքներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ակնյայտօրէն կը թիրախաւորուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ այս ծանրակշիռ մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ սկսաւ սրբազաններու հաւաքը։ Նկատի ունենալով, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայաստանէ դուրս գալուն դէմ արգելք դրուած է՝ Սանկտ Փոլթենի այս կարեւոր ժամադրութիւնը վերածուած է հաւաքի մը, որովհետեւ Եպիսկոպոսական ժողով չի կրնար գումարուիլ՝ առանց Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ։ Որպէս եպիսկոպոսապետ՝ Վեհափառ Հայրապետը հեռակայ դրութեամբ կը փոխանձէ իր պատգամն ու օրհնութեան խօսքը՝ սրբազաններու հաւաքի մասնակիցներուն։ Մնաց որ, հաւաքի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն դուրս, այլ վայրի մը մէջ կազմակերպման պատճառն ալ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն տեղի տուած գայթակղեցուցիչ միջավայրն է։ Ներկայ պահուն ստեղծուած համազգային պոռթկումը Վեհափառ Հայրապետին ջանքերով կ՚ուղղորդուի պաղարիւն ու հեռատես քայլերով՝ անվերադարձ հետեւանքներով պառակտումները կանխելու համար։ Նորին Սրբութեան նախաձեռնութիւնները միշտ հետամուտ են՝ ստեղծուած փակուղային եւ անհեռանկար կացութենէն համերաշխութեամբ դուրս գալու։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամներու Սանկտ Փոլթենի այսօրուան ժամադրութեամբ ստեղծուած է խորհրդակցական լուրջ հարթակ մը, որու վրայ լուծումներ կ՚որոնուին տագնապը յաղթահարելու համար՝ խնայելով Հայոց Եկեղեցին ու պետութիւնը։

Վերջին շրջանին Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ գործի լծուած կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ մշակուած է սրբազաններու խորհրդակցական այս հաւաքի ժամանակացոյցը։ Երեք օրերու ընթացքին, հինգ նիստերու ձեւաչափով անոնք կ՚արժեւորեն առկայ հրատապ օրակարգի պայմաններով ստեղծուած աննախընթաց վիճակը։

Այսօր, հաւաքի առաջին օրը, սրբազանները առաւօտուն մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան, որու յաջորդեց հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Սանկտ Փոլթենի պատմական վանքի համալիրէն ներս, սա սրբազաններուն տեսակէտէ հոգեւոր առանձնացման պահ մըն է՝ անոնց միջեւ միասնականութեան խորացման եւ հոգեւոր-եղբայրական կապի ամրապնդման նպատակով։

Այսօր, յետմիջօրէին նախատեսուած է հաւաքի առաջին՝ բացման նիստը։ Խորհրդակցութեան մասնակից երիցագոյն սրբազանի բացման աղօթքով կը սկսի աշխատանքը, որու առաջին քայլափոխին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքին կ՚ունկընդրուի հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ։ Ներկաները կը լսեն նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի եւ Թուրիքոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքերը, որոնցմէ վերջ կ՚ընտրուի հաւաքի դիւանը եւ կը հաստատուի օրակարգ՝ պատրաստուած կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ։

Հաւաքի տեւողութեան շարք մը առանցքային ուղղութիւններով քննարկումներ կը ծաւալուին, նախատեսուած են նաեւ յստակ նիւթերու շուրջ զեկուցումներ, որոնց իւրաքանչիւրին խմբային քննարկումներ կը յաջորդեն եւ անոնց լոյսին տակ առաջարկներ կը ձեւաւորուին։

Ըստ էութեան, սրբազանները կանգ կ՚առնեն եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան եւ Հայաստանէ ներս եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Անոնք խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն նաեւ՝ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Քննարկումներու ժամանակ առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին՝ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէ եւ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները։

Սրբազաններու հաւաքին ժամանակ կը ծրագրուի նաեւ սոյն զեկուցումներու լոյսին տակ ռազմավարական աշխատանք։ Համախումբ եւ համախորհուրդ մթնոլորտի մէջ յղացուելիք առաջարկներու իրագործման նպատակով ռազմավարութեան մը մշակման հետամուտ կ՚ըլլան եպիսկոպոսաց հաւաքի մասնակիցները, որոնց առաջադրանքներու շարքին մէջ է նաեւ ընդհանուր համաձայնութեան մը ձեւաւորումը։ Հաւաքի իւրաքանչիւր օրը, առաջարկներու հասունացման զուգահեռ՝ կենթադրուի նաեւ իրագործման ռազմավարական պատկերացման խորացում։ Սրբազանները քննարկումներու եւ առաջարկներու հիման վրայ կը ձգտին ընդհանուր ամփոփում մը կատարել եւ յստակեցնել ռազմավարական ու գործնական հիմնական ուղղութիւններ, որոնց պարագային ալ, իրենց հերթին, ընդհանուր համաձայնութեան մը հասնելու անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծուի։

Հասկնալիօրէն, սրբազաններու այս հաւաքի եզրափակիչ փուլին կը հրապարակուի յայտարարութիւն մը, որու նախագիծն ալ կը խմորուի ընդհանուր շինիչ աշխատանքի մթնոլորտին մէջ եւ վերջնական համաձայնութեամբ կը հրապարակուի։ Հաւաքը աւարտին կը հասնի Վեհափառ Հայրապետի փակման խօսքով։

Սանկտ Փոլթենի խորհրդակցութիւնը նախատեսուած է դռնփակ։ Հաւաքի իւրաքանչիւր օրը, առաւօտներուն սրբազանները Արեւագալի ժամերգութեան կը մասնակին, իսկ երեկոներուն՝ Երեկոյեան ժամերգութեան։ Անոնք ճաշի եւ ընթրիքի պահերն ալ միասին կ՚անցընեն հիւրընկալ վանքի համալիրէն ներս։ Հաւաքի եզրափակուելէն վերջ, ընթրիքին կը յաջորդէ հանգստեան ժամերգութիւն մը։

Ինչպէս Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, այնպէս ալ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ սրբազանները հնարաւորութիւն չունին այս հաւաքին մասնակցելու՝ իշխանութիւններու կողմէ սահմանուած՝ երկրէն դուրս գալու արգելքին հետեւանքով։ Բաց աստի, բանտարկուած կամ տնային կալանքի ենթակայ սրբազաններն ալ հնարաւորութիւն չեն ունենար Սանկտ Փոլթեն մեկնելու։ Հայաստանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ակամայ կ՚ըլլայ լրջօրէն սահմանափակ՝ մանաւանդ, որ անոնց շարքին կը գտնուին ինն տիրադաւներ, որոնք առկայ ծանր իրավիճակին մէջ իշխանութիւններու կողքին դիրք կը գրաւեն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը ունի 56 անդամ։ Եպիսկոպոս մը բոլորովին վերջերս կարգալոյծ հռչակուած է՝ առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026