ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը՝ անդրադառնալով Մեծ պահոց Անառակ որդիի կիրակիի խորհուրդին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը թաղային խորհուրդին կողմէ հիւրասիրուեցաւ պահքի սիրոյ սեղանով։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025