ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետեւողական աշխատանքներ յառաջ կը տանի՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի (ԵՆԺ) գումարման ուղղութեամբ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին առթիւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած էին ԳՀԽ-ի ժողովները, որոնց ատենապետած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նիստերը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։
ԵՆԺ-ի գումարման նախապատրաստական աշխատանքներուն կապակցութեամբ զեկոյց մը ներկայացուեցաւ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի կողմէ։ Այս զեկոյցի աւարտին քննարկուեցան եւ որոշումներ առնուեցան թեմերէ ներս ԵՆԺ-ի պատգամաւորներու ընտրութեան գործընթացի, ժողովի օրակարգի նիւթերու նախապատրաստման եւ կազմակերպչական այլ շարք մը հարցերու կապակցութեամբ։ ԵՆԺ-ին ներկայացնելու համար համապատասխան յանձնախումբին յանձնարարականներ տրուեցան, որպէսզի նախապատրաստուին զեկոյցներ եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն այնպիսի հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին ծիսական կեանքի կազմակերպման, հոգեւորականաց պատրաստութեան, կրթադաստիարակչական գործունէութեան, ընկերային ծառայութեան, քրիստոնէական արժէքներու մարտահրաւէրներուն, սփիւռքի եւ հայկական ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ նիւթական ու տնտեսական ոլորտներուն։
ԳՀԽ նստաշրջանի ընթացքին լսեց նաեւ Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանի զեկոյցը՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերաբերեալ։ Անդրադառնալով Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան, զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձերու դէմ Ատրպէյճանէ ներս իրականացուող շինծու դատավարութիւններուն՝ խորհուրդը հանդէս եկաւ առանձին յայտարարութեամբ։
Հայաստանի կեանքի արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն մասին զեկուցեց քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ տքթ. Արթուր Խաչիկեան՝ ընդգծելով ազգային շահերով առաջնորդուելու եւ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու դիւանագիտական ջանքերու հրամայականը։
Մտահոգութեամբ անդրադառնալով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ ԳՀԽ-ի անդամները շեշտեցին Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւնը ի նպաստ առկայ հիմնախնդիրներու յաղթահարման համազգային միաբանութեան ու համերաշխութեան ամրապնդման, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան եւ համահայկական ներուժի արդիւնաւէտ իրացման ուղղութեամբ։
Առանձին զեկոյց ներկայացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական խնդիրներուն մասին։ Պատմաբան, ժողովրդագրութեան մասնագէտ Միքայէլ Մալխասեան ժամանակագրական-բաղդատական համատեսքի մէջ ներկայացուց Հայաստանի ժողովրդագրական առկայ պատկերը, բնակչութեան բնական աճի եւ գաղթի վիճակագրութիւնը անկախութեան տարիներուն։
ԳՀԽ-ի անդամները անհանգստութիւն արտայայտեցին ժողովրդագրութեան մտահոգիչ ցուցանիշներուն առընչութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք արձանագրեցին այդ ուղղութեամբ իրականացուած անբաւարար նախաձեռնութիւններու փաստը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ այս ոլորտէն ներս Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը, որպէսզի հովուական խնամքի եւ հոգեւոր քարոզչութեան շրջանակներէն ներս առաւել մեծ ջանքեր ներդրուին՝ զօրացնելու համար հայ ընտանիքները եւ խրախուսելու որդեծնունդը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան, կրթական ծրագրերու, ուսումնադաստիարակչական ուղենիշերու լրամշակման, արձանագրուած արդիւնքներու եւ կատարելագործման մասին զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Նոյն նիւթին մասին արտայայտուեցան «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մագիստրոսական բաժնի ղեկավար Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան, Հարիճի Թրփանճեան հոգեւոր ընծայարանի տեսուչ Տ. Վաչէ Աբեղայ Մկրտչեան։ Տեղեկացուեցաւ, որ 2023 թուականէն առ այսօր վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցած է Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն 354 եկեղեցական։
ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութիւն յայտեցին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէ ներս եռաստիճան կրթական համակարգի ամբողջական ներդրման եւ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան որակեալ կրթութեան ապահովման առընչութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան եւ Կրթական յանձնախումբի անդամներէն Յասմիկ Մարգարեան ժողովականներուն ներկայացուցին Կիրակնօրեայ դպրոցներու դասագիրքերու պատրաստման աշխատաքներու ընթացքը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է հաստատել ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան միասնական հոգեւոր-կրթական ծրագիր մը՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներէ ներս երեխաներու հոգեւոր, ազգային կրթութիւնն ու դաստիարակչութիւնը ապահովելու համար։
ԳՀԽ կենսական ու առաջնահերթ համարեց մատաղ սերունդի հոգեւոր-բարոյական նկարագրի ձեւաւորման ու ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը՝ թելադրելով շարունակել ծրագրի իրագործման ուղղեալ աշխատանքները։
Մայրավանքի շինարարական ծրագրերու վերաբերեալ զեկոյց մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան՝ մասնաւորաբար տեղեկացնելով, որ յառաջիկային պիտի սկսին գործել Մայր Տաճարի թանգարանը, «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը եւ նորակառոյց մոմավառութեան սրահը։ Ընթացքի մէջ են Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի կացարանային շէնքի, Հարիճավանքի ննջարանային մասնաշէնքի նորոգութեան ու բարենորոգչական այլ աշխատանքները։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հարցերուն վերաբերեալ ժողովականներուն տեղեկութիւններ տուաւ Սուրբ Աթոռի տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան՝ անդրադառնալով «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան գործարքի, Պատրիարքութեան կալուածներուն դէմ ներկայացուած գոյքահարկի հարցերուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։
ԳՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան եւ հայ համայնքին՝ կարեւորելով յիշեալ խնդիրներու արդար հանգուցալուծումը եւ այս ուղղութեամբ գործադրուած հետեւողական ջանքերը։
Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան ժողովականներուն համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ իրավիճակի, երկրի քաղաքական համակարգէն ներս շարունակուող փոփոխութիւններու, ինչպէս նաեւ առկայ անվտանգային, տնտեսական խնդիրներու եւ հայ համայնքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2024 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, ելմտական տարեկան հաշուետուութիւնն ու Վերստուգիչ յանձնախումբի զեկոյցը։
Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս տեղեկացուեցաւ, որ հաշուետու տարիէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ թեմերուն մէջ շարունակուած են իրականացուիլ հոգեւոր-քարոզչական, ընկերային, կրթամշակութային, բարեսիրական բազմաբնոյթ ծրագրեր։
Անդրադարձ կատարուեցաւ 2024 թուականի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուած մարդասիրական ծրագրերուն՝ ուղղեալ ընկերային տեսակէտէ անապահով, Արցախէն տեղահանեալ, նահատակուած զինուորականներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն եւ սփիւռքեան համայնքներուն։
Ընդհանուր առմամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ յատկացուած է 1 միլիոն 551 հազար 115 ամերիկեան տոլարի համարժէք հայկական դրամի օժանդակութիւն։
ԳՀԽ գնահատելով ողջունեց Հայ Եկեղեցւոյ լայնածաւալ գործունէութիւնը ցոլացուցած զեկոյցը։
Նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։