ՊԵԼԺԻԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱՑՄԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ՝ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Մեծ պահոց ներկայ շրջանին մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ, որպէսզի եւրոպահայ երիտասարդները առաջնորդուին հոգեւոր ապրումներու։ Պրիւքսէլի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ եռօրեայ հոգեւոր առանձնացում մը, որուն մասնակցեցաւ պելժիահայ քառասունհինգ երիտասարդ։ Միջոց մը առաջ նմանատիպ հաւաք մը կազմակերպուած էր Հոլանտայի մէջ։ Ի շարունակութիւն, Պելժիոյ մէջ կազմակերպուած նմանօրինակ ծրագիրը խորագրուած էր՝ «Աւագ շաբաթը Տիրոջ հետ»։ Պելժիոյ զանազան քաղաքներէն համախմբուած երիտասարդներու հետ այս ծրագիրը առաջնորդեցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Սուրբ Ներսէս ընծայարանէն՝ Արին սարկաւագ Պաղտասարեան եւ Շահէ կիսասարկաւագ Ճանեան։
Աստուածաշնչական, եկեղեցաբանական եւ երիտասարդներու կեանքին առընչուած բազմաթիւ նիւթեր շօշափուեցան այս հաւաքի ընթացքին։ Քննարկումները արդիւնաւէտ էին՝ քանի եւրոպահայ երիտասարդները հնարաւորութիւն ունեցան իրենց մտքի խնդիրները եւ դիտարկումները քննարկման տակ առնել՝ Նիւ Եորքէն երիտասարդ տիրացուներու հետ։
Հաւաքի ընթացքին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի կողքին էին՝ Տ. Զատիկ վրդ. Աւետիքեան, Տ. Տիրայր վրդ. Յակոբեան եւ Տ. Մաղաքիա աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Հաւաքի եզրափակիչ փուլին, Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ բոլորը միասնաբար մասնակցեցան Ս. Պատարագի։ Երիտասարդները արձակուեցան՝ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի պատգամով, որ կը բովանդակէր թէ՛ օգտակար խրատներ եւ թէ բարեմաղթանքներ՝ մանաւանդ մօտալուտ Սուրբ Զատկի ընդառաջ։