ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՓԵՍԱՅԷՆ

Եսայիի մարգարէութեան 8-րդ գլուխին 5-10 համարներուն մասին մէկ կողմէ կը խօսի ժողովուրդին Տէրը մերժելու եւ Ասորեստանի թագաւորը հաւնելու մասին, միւս կողմէ կոչ կ՚ուղղէ հաւատացեալներուն ամուր մնալու եւ կառչելու եկեղեցիէն:

Կը կարդանք. «Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.

«Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ՚արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի, անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը պիտի հանէ եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ: Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը ու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»:

Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք, բայց պիտի խորտակուիք. ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք, պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. քանզի Աստուած մեզի հետ է»:

Այս խօսքերը ժամանակին ուղղուած են հրեայ ժողովուրդին, որոնք յաճախ կը մերժէին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը եւ կը նախընտրէին աշխարհիկ առաջնորդութիւններ: Իսկ եթէ հոգեւոր ակնոցով կարդանք այս տողերը, ապա անոնք որով կը մերժեն Սիլովայի հանդարտ ջուրերը, որոնք մարդուն սիրտը, միտքն ու հոգին ներքին խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ կը լեցնեն, ապա այդպիսիներուն դէմ կը բարձրանան Գետին զօրաւոր ջուրերը, այլ խօսքով փորձութիւնները, յատկապէս մարմնական սանձարձակութիւնները, որոնք մարդս մոլորեցնելով կորուստի կը մատնեն:

Ապա, 9-10-րդ համարներով կը քաջալերէ միւս հաւատացեալները, որպէսզի ամուր մնան, չյուսահատին, չվախնան չարին յարձակումներէն, ընդհակառակը Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին կառչած մնան, որպէսզի փրկուին եւ կարենան յաղթահարել այդ փորձութիւններն ու նեղութիւնները: 

Հայր Անտոն Ֆըքրին այսպէս կը գրէ այս երկու համարներուն մասին. «Մարգարէն մնացեալ հաւատացեալներուն կը դիմէ՝ կոչ ուղղելով անոնց չվախնալ, որովհետեւ թշնամիները չեն կրնար Աստուծոյ ժողովուրդը ոչնչացնել: Այս համարները կը վերաբերին հոգեւոր թշնամիներու յարձակումին՝ Քրիստոսի եւ Անոր Թագաւորութեան՝ Եկեղեցւոյ վրայ, բայց անկախ ատկէ, թէ ի՛նչ կ՚ընեն անոնք, անոնք պիտի պարտուին, եւ անկախ անկէ, թէ ինչպէս կ՚երեւայ այդ, Եկեղեցին՝ Քրիստոսի Հարսը, կը դիմանայ»: 

Կառչած մնանք ուրեմն մեր Փեսայէն, որպէսզի չկորսուինք, այլ յաղթանակած հասնինք Անոր մօտ, վայելելու Անոր ներկայութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026