ԹԷ՛ ԳՐԱՒՈՐ ԵՒ ԹԷ ԲԱՆԱՒՈՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Վայոց Ձորի առաջնորդ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեան ազատ արձակուեցաւ առաջնորդի պարտականութիւններէն եւ հանգստեան կոչուեցաւ։ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեանի գրաւոր ու բանաւոր դիմումին հիման վրայ կատարուեցաւ այս կարոգադրութիւնը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը համատեղութեան կարգով Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար եպսկ. Յակոբեանը նշանակած է Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ կատարելու համար թեմակալ առաջնորդի պարտականութիւնները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու հանրութեան տեղեկացուցած են այս իրադարձութիւնը։ Սա ուշագրաւ քայլ մըն է՝ այն առումով, որ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեան վերջին շրջանին մաս կազմած էր տիրադաւ սրբազաններու շարքին, որոնք Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ միացած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։