ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ «ԱՂՕԹՔԻ ՆԱԽԱՃԱՇ»Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Աղօթքի նախաճաշ» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս նախաձեռնութեան առթիւ Հայաստան ժամանած են խումբ մը օտարերկրեայ հիւրեր, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Վեհարանի գահասրահին մէջ։ 

Հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կարեւոր դերակատարութեան։ Ան նշեց, որ Սուրբ Էջմիածինը համայն հայութեան նուիրական սրբավայրն է եւ պատմութեան ամենադժուար պահերուն օգնած է, որպէսզի ազգը հաւատքով ու յոյսով կարողանայ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները։ 

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հայոց եկեղեցին՝ իբրեւ մայր եկեղեցի, իր պատմական առաքելութեամբ եւ հոգածու վերաբերմունքով առանձնակի նշանակութիւն ունի նաեւ Հայաստանէ ներս ապրող ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ ստեղծուած լարուածութեան եւ հակաեկեղեցական գործունէութիւններուն՝ ի մասնաւորի ապօրինաբար ազատազրկուած հոգեւորականներուն ու հայորդիներուն առաջադրուած անհիմն մեղադրանքներուն։ 

Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հայերու ծանր կացութեան եւ անոնց կարիքներուն ուղղեալ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային ծրագրերուն։ Մասնաւորապէս շեշտադրուեցան Պաքուի մէջ պահուած ռազմագերիներու եւ պատանդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։ 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները՝ հայցելով, որ երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ համայն աշխարհը եւ պարգեւէ ապահով եւ բարօր կեանք բոլոր ժողովուրդներուն։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան։ 

Հարկ է նշել, որ «Աղօթքի նախաճաշ» նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մասնակիցներուն խօսք ուղղեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025